Ֆրանսայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ դիրքին վրայ գտնուող Սենթ Էթիենի եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան երրորդ դիրքը գրաւող Օքսեռի միջեւ տեղի ունեցած փլէյ օֆի դարձի մրցումէն ետք տեղի ունեցաւ ոչ մարզավայել կեցուածք` Սենթ Էթիենի համակիրներուն կողմէ:
Երթի արդիւնքին նման, դարձի այս մրցումը եւս վերջ գտաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ, որմէ ետք դիմուեցաւ փենալթիներու:
Օքսեռ, արձանագրելով 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը, բարձրացաւ Ա. դասակարգ («Լիկ-1»), մինչ Սենթ Էթիեն փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:
Իրենց կազմին կրած այս պարտութենէն ետք, Սենթ Էթիենի հազարաւոր համակիրները, դաշտ ներխուժելով, յարձակեցան հանդերձարան ուղղուող իրենց ֆութպոլիստներուն եւ մարզիչներուն վրայ` չկարենալով զսպել իրենց զայրոյթը:
Նշենք, որ այսպիսով Սենթ Էթիեն 2003-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով կը փոխադրուի Բ. դասակարգ:


