Պարսելոնային մաս կազմող 32 տարեկան յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր միջազգային ասպարէզին` Կապոնի ազգային խումբին հետ:
Օպամեյանկ Կապոնի ազգային խումբին հետ ելոյթ կ՛ունենայ 2009-էն ի վեր: Ան 72 մրցումի ընթացքին նշանակած է 30 կոլ:
Կապոնի հետ ան չորս անգամ մասնակցած է ափրիկեան ազգերու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին` անոր հետ իր լաւագոյն արդիւնքը արձանագրելով 2012-ին, հասնելով քառորդ աւարտականին:
Նշենք, որ այս տարուան յունուարին ան Արսենալէն տեղափոխուեցաւ Պարսելոնա` անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրելով մինչեւ յունիս 2025:


