Շաբաթ, 21 մայիսին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ ազդանշանը կը տրուի Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան:
Անիկա իր աւարտին կը հասնի երկուշաբթի, 30 մայիսին:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն գրեթէ եւրոպական բոլոր երկիրներուն շուրջ 280 մարզիկներ: Ախոյեանութեան մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 260 հազար ամերիկեան տոլար:
Երէկ, տղոց ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան հրապարակեց այս ախոյեանութեան մասնակցող կազմը:
Ստորեւ` անոր կողմէ նկատի առնուած մարզիկները.
Բարեղամ Յարութիւնեան (48 քկ), Արթուր Յովհաննիսեան (51 քկ), Ջանիկ Սահակեան (54 քկ), Արթուր Բազէեան (57 քկ), Կարէն Տօնականեան (60 քկ), Յովհաննէս Բաչքով (63,5 քկ), Գուրգէն Մադոյեան (67 քկ), Նարեկ Զախարեան (71 քկ), Վախթանգ Յարութիւնեան (75 քկ), Համբարձում Յակոբեան (80 քկ), Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան (86 քկ), Նարեկ Մանասեան (92 քկ) եւ Դաւիթ Չալոյեան (գերծանր կշիռ):


