Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուան Չի Բացառեր Ռուսիոյ, Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ղեկավարներու Եռակողմ Հանդիպման Կայացումը» Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

May 18, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան Հայաստանի մէջ բողոքի շարժումները կը նկատէ իբրեւ հանրապետութեան ներքին գործ եւ այդ հոլովոյթներուն չի միջամտեր: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Անտրէյ Ռուտենքօ:

«Հայաստանի ներքին հարցն է այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այնտեղ, ինչով հանդէս կու գայ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը: Մենք ատիկա կը գիտակցինք եւ այս հոլովոյթներուն չենք միջամտեր», ըսած է ան:

Միւս կողմէ, Ռուտենքօ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Մոսկուան չի բացառեր Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու գոյութիւն ունեցող ձեւաչափով եռակողմ հանդիպման կայացումը:

«Մենք կը շարունակենք բոլոր մակարդակներուն վրայ համակարգուած աշխատանքը` 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի բարձրագոյն մակարդակով եռակողմ համաձայնութիւններու իրականացման համար: Ղեկավարները մնայուն կապի մէջ են: Մենք չենք բացառեր, եթէ նման անհրաժեշտութիւն յառաջանայ, դէմ առ դէմ հանդիպման կազմակերպում», ըսած է ան:

Ռուտենքօ յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 12 մայիսին Տուշանպէի մէջ ԱՊՀ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի գործընկերներու հետ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկած է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու ամբողջ շրջանակը:

 

Նախորդը

«Իրան Պատրաստ Է Թուրքմենիստանէն «Փոխանակումով» Կազ Փոխադրել Հայաստան» Կ՛ըսէ Իրանի Քարիւղի Նախարարը

Յաջորդը

«Դիմադրութեան» Շարժման Երթերն Ու Հանրահաւաքները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.