Շաբաթ, 14 մայիսին, Երեւանի Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան վերընտրուեցաւ` ապահովելով 108 պատուիրակներուն 107-ը ձայները (մէկ ձեռնպահ քուէ):
Իր խօսքին մէջ Սարգսեան ըսաւ, որ թէեւ յառաջիկային մեծ յաջողութիւններ պէտք չէ ակնկալել անցեալին նման, սակայն ինք իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որպէսզի Հայաստանի մէջ ճատրակը միշտ յառաջխաղացք արձանագրէ:
Սերժ Սարգսեան յայտնեց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ իրավիճակի փոփոխման պարագային, Լեւոն Արոնեան իրեն վստահեցուցած է, որ պիտի վերադառնայ եւ միանայ Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականին:


