Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 2021-2022 տարեշրջանը, երբ կատարուեցան 34-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Ախոյեանութեան տիտղոսը շաբաթներ առաջ ապահոված Պայէրն Միւնիխ տարեշրջանը աւարտեց 77 կէտով, մինչ երկրորդ դիրքը գրաւած Պորուսիա Տորթմունտ` 69 կէտով:
Իր կազմին հետ ախոյեան հանդիսացած 33 տարեկան լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքի, որ 7-րդ անգամ ըլլալով (յաջորդաբար 5-րդ անգամ ըլլալով) հանդիսացաւ «Պունտըսլիկա»-ի լաւագոյն ռմբարկուն, այսպիսով կրկնեց ակումբի նախկին ռմբաձիգին` Կերթ Միւլըրի մրցանիշը:
Լեվանտովսքի, որ 2014-էն ի վեր մաս կը կազմէ Պայէրն ՄիւնիխիՆ, այս տարեշրջանին անոր հետ իր կատարած 46 մրցումներուն ընթացքին (բոլոր մրցաշարքերուն ) նշանակեց 50 կոլ եւ կատարեց 7 էսիսթ:
Նշենք, որ վերջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը` Հերթա Պերլին, Արմինիա Պիլըֆելտ եւ Կրէօթըր Ֆուրթ, փոխադրուեցան Բ. դասակարգ:


