Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եօթներու Խմբակ»-ի Հաղորդագրութիւնը Ռուսական Բանակի Գործողութեան Յաջողութեան Ճանաչում Է» Կ՛ըսէ Տումայի Նախագահը

May 10, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչիսլաւ Վոլոտին յայտնեց. «Բրիտանիան, Գերմանիան, Իտալիան, Քանատան, Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ճափոնը ճանչցան ռուսական զինեալ ուժերու յատուկ զինուորական գործողութեան յաջողութիւնը: Այս ձեւով կը դիտենք Եօթներու խմբակին այսօր Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ (յաղթանակը) արգիլելու իրենց մտադրութեան վերաբերեալ հրապարակած հաղորդագրութիւնը»:

«Եօթներու խմբակ»-ի ղեկավարները այս ձեւով կ՛ընդդիմանան նացիականութեան ապազինման ու արմատախլման եւ Ուքրանիոյ ոչ յանձնառու ու ապահիւլէական կարգավիճակին, ինչպէս նաեւ Տոնեցք եւ Լուկանսք հանրապետութիւններու ժողովուրդներուն ինքնորոշման իրաւունքին», նշեց Վոլոտին:

«Այժմ յստակ է, որ ինչու մեր նախագահին առաջարկած անվտանգութեան նախաձեռնութիւններուն պատասխան չտրուեցաւ: Ռուսիան քանդեց անոնց` ՕԹԱՆ-ը դէպի արեւելք ընդլայնելու ծրագիրները», եզրափակեց Տումայի նախագահը:

«Եօթներու Խմբակ»-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները կիրակի օր միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած էին. «Եօթներու խմբակ»-ը եւ Ուքրանիան միաւորուած են վերջինիս համար ժողովրդավարական, բարեկեցիկ ապագայ ապահովելու իրենց ցանկութեան մէջ: Մենք միասնական ենք մեր վճռականութեան մէջ` նախագահ Վլատիմիր Փութինին Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ յաղթել չարտօնելու»:

«Եօթներու խմբակ»-ի ղեկավարները Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ առցանց հանդիպումի ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու աջակցելու Ուքրանիոյ: «Մեզի համար պատիւ էր, որ մեզի միացաւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի: Մենք անոր յայտնեցինք մեր լիակատար համերաշխութիւնն ու Ուքրանիոյ պաշտպանութեան աջակցութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

«Եօթներու խմբակ»-ի ղեկավարները նշած են, որ կը պաշտպանեն Ուքրանիոյ գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, անոր բարեկեցիկ եւ ժողովրդավարական ապագան` միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններով:

 

Նախորդը

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. Իսրայէլ Պաղեստինեան Յարձակումներուն Հակադարձելու Համար Ժենինի Եւ Կազայի Միջեւ Ընտրութիւն Պիտի Կատարէ

Յաջորդը

«Շատ Շուտով Ուքրանիոյ Մէջ 2 Յաղթանակի Օր Պիտի Ըլլայ, Իսկ Անձ Մը Ընդհանրապէս Պիտի Չունենայ» Կ՛ըսէ Զելենսքի

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.