Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Շուկան» Նախաձեռնութիւնը Երկրորդ Անգամ Եւս Մեծաթիւ Հայորդիներ Համախմբեց

May 10, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կիրակի, 8 մայիսին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին «Մասթըր մոլ»-ի մէջ, յաջորդաբար երկրորդ անգամ ըլլալով, տեղի ունեցաւ «Մեր շուկան» միօրեայ նախաձեռնութեան բացումը` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին, որ մեկնաբանեց երաժշտական կտորներ «Մասթըր մոլ»-ի մուտքին, նաեւ` շուկայի մէջ այլ տեղեր, երկու յարկերու վրայ:

Օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ յաջողցնել այս ծրագիրը: Ան նաեւ հերթաբար ներկայացուց մասնակիցներն ու անոնց արտադրութիւնները:

Շրջուն ժողովրդային «Մեր շուկան» տեղի պիտի ունենայ ամսական դրութեամբ` տարբեր վայրերու մէջ: Այս նախաձեռնութեան նպատակն է հայեցի դիմագիծի պահպանման կողքին, հանրութեան ծանօթացնել հայ մշակոյթը, ձեռարուեստը, տոհմիկ ճաշերը, տարբեր բնագաւառներու աշխատանքները, հայկական եւ լիբանանեան արտադրութիւնները:

«Մեր շուկան» նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած էին միութիւններ, հաստատութիւններ, հրատարակչատուներ, գրախանութներ, նաեւ`  մեծ թիւով անհատներ: «Մասթըր մոլ»-ի երկու յարկերուն վրայ զետեղուած սեղաններուն վրայ ցուցադրուած էին` գիրքեր, զարդեղէններ, արուեստի գործեր, ձեռային աշխատանքներ, հայկական գորգեր, պայուսակներ, մոմեր, ճաշատեսակներ, կարկանդակներ, անուշեղէններ, խաղալիքներ, յուշանուէրներ եւ այլն:

Խուռներամ ժողովուրդին կողքին, «Մեր շուկան» այցելեցին` ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսան Մաթոսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան:

Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-7:00 գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Վահան Թէքէեան վարժարանը` պար, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու «Գայեանէ» պարախումբը, «Տաւիղ» կիթառահարներու համոյթը, Սելլա Սվաքճեան, որ ջութակի վրայ մեկնաբանեց երաժշտական կտոր մը, «Տենս տը Ֆլոր»-ը: Ելոյթ ունեցան նաեւ երգիչներ Հրաչ Կայծակեան եւ Ռիքի Աճեմեան` նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

Նախորդը

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Յաջորդը

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Եւ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնները Յարգեցին 6 Մայիսի Նահատակներուն Յիշատակը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.