Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանուշակ Նաճարեան-Թորոսեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

April 30, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

«Տեսայ լաւ ու վատ, ահաւոր զրկանք,
Տեսայ շատ կարիք, տեսայ համբերանք,
Տեսայ լաւ մարդիկ, բարի աշխատանք,
Բարեւս տուի, անցայ – գնացի»:

Յաճախ մտիկ կ՛ընէի եւ կը կրկնէի Գուսան Շահէնի այս երգը, սակայն վերջին շաբաթներուն տարբեր իմաստ ունեցան Պարոյր Սեւակին նուիրուած այս տողերը մեր ընտանիքին անդամներուն սրտերուն մէջ: Ցաւը եւ կորուստը ընդհանրապէս սովորականը կը դարձնեն անսովոր, երեւան կը բերեն  յիշատակներ եւ անմոռանալի պահեր, կը դրոշմեն մեզմէ բաժնուող սիրելիին խօսքերն ու  զգացումները մեր հոգիներուն խորը:

12 ապրիլ 2022-ին, պէտք էր տօնէինք իմ սիրելի քրոջս` Մանուշակ Նաճարեան-Թորոսեանին 72-րդ տարեդարձը, ինչպէս սովոր էինք տօնել աւանդաբար: Ան բաժնուեցաւ մեզմէ 30 մարտ 2022-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան: Անցեալ ամիսներուն, երբ կ՛այցելէի զինք եւ երբ հարց կու տայի իր առողջութեան մասին, կ՛ըսէր. «Փառք Աստուծոյ, քանի որ այս մէկը հրաշք է, որ ես տակաւին կ՛ապրիմ»: Մանուշակը իմ մեծ քոյրս է. ան ունեցած է համեստ կեանք մը, որ կարելի է նկարագրել միայն «զոհողութիւններով լեցուն եւ ուրիշներուն օգնելու անսահման ճիգով»:

Զոհողութիւններով լի իր անխոնջ աշխատանքը չսահմանափակուեցաւ միայն իր ընտանիքով, այլ ան միշտ ժամանակ գտաւ ծառայելու ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղին, Հայ աւետարանական քոլեճի տիկնանց օժանդակ մարմինին մէջ: Սակայն իր զոհողութեան ու ծառայութեան «չապան» սահման չունէր, երբ անիկա ուղղուած էր իր թաղին սիրելի Ս. Նշան եկեղեցւոյ: Անկեղծութեամբ, խանդավառութեամբ եւ անշահախնդրութեամբ Ս. Նշան մայր եկեղեցին դարձաւ իր հոգեկան ընտանիքը: 2009-էն ի վեր ան ձեռնհասօրէն ստանձնեց տիկնանց ոիութեան ատենապետուհիի պաշտօնը, որ շարունակեց մինչեւ իր մահը:

Չորեքշաբթի, 30 մարտ 2022-ին, յուղարկաւորութեան օրը, երբ թաղման կարգէն ետք ցաւակցութիւններ կ՛ընդունէինք, Ս. Նշան եկեղեցւոյ սրահին մէջ մեծ էր թիւը այն ցաւակիցներուն, որոնք նկատեցին զուգադիպութիւնը, որ ճիշդ այդ օրը տիկնանց միութեան ճշդած միջինքի օրն է: Մանուշակը տարիներ շարունակ միջինք կազմակերպած էր այդ նոյն սրահին մէջ: Տիկինները պայքար մղած են, որ Մանուշակը տեղ ապահովէ այս նեղ սրահին մէջ, ուր ասեղ նետելու տեղ չէր ըլլար: Բայց Մանուշակը, իր հմտութեամբ եւ համեստ ոճով «նեղ կ՛ընէր, տեղ կ՛ընէր» բոլորին. անոնք այնքան գոհ կ՛ըլլային, որ յաջորդ տարուան համար կանխօրօք տեղ կ՛ապահովէին: Անշուշտ, այդ արդիւնք էր կազմակերպուած, ծրագրուած եւ բծախնդրօրէն գործադրուած աշխատանքին, որ կը պահանջէր անսահման սէր, զոհողութիւն եւ նուիրում:

Այս բոլորէն ետք, երբ իր որպիսութիւնը հարցնէի, կ՛ըսէր, թէ` «շատ ուրախ է», քանի որ ամէն ինչ լաւ ընթացաւ, բայց շատ յոգնած էր: Կ՛ըսէի` «քոյրս, քիչ մը դուն քեզի հոգ տար», կը պատասխանէր` «Աստուած ինծի շատ օգնած է, ես ալ պարտաւոր եմ եկեղեցիին ծառայել»: Այս հաւատքը, նուիրումը, սէրը, անշահախնդրութիւնը, այս «չապան» տոգորած էին Մանուշակը, որ չէր գիտեր յոգնիլ, տկարանալ կամ յուսահատիլ. պէտք է ամէն ինչ լաւ ընել եւ ծայրայեղ խնայողութեամբ, որպէսզի եկեղեցին առաւելագոյնը օգտուի: Այս էր Մանուշակին նշանաբանը:

Մանուշակին մահուան ցաւակցութիւններ ընդունելու ընթացքին, շատ տպաւորիչ ու անկեղծ էր տիկին Շաղիկ Մկրտիչեանին արտայայտութիւնը, երբ ըսաւ` «Մանուշակին աշխատանքին խանդավառութիւնը թող վարակիչ դառնայ մեզի»:

Քառասուն օրեր առաջ ֆիզիքապէս մեր մօտէն մեկնեցաւ Մանուշակը… Մեկնեցաւ ո՛չ միայն բարեւ տալով, տեսնելով ու անցնելով: Ան իր կեանքին ընթացքին տեսաւ վատը, զրկանքն ու կարիքը, սակայն համբերութեամբ, լուռ եւ յարատեւութեամբ  ձեռք երկարեց բոլոր անոնց, որոնք իրեն կը դիմէին եւ բոլոր անոնց, որոնց ինք կը հանդիպէր: Իր անուան նման` Մանուշակին  ներկայութիւնը միայն հաճելի ու գեղեցիկ չէր, այլ տպաւորիչ` գոհունակ ժպիտին ու իմաստուն խօսքերուն պատճառով: Մեր Մանուշակը պարզապէս չտեսաւ լաւ մարդիկ կամ բարի աշխատանք, այլ իր կեանքի օրերուն ընթացքին ձգտեցաւ ըլլալ լաւէն շատ աւելի եւ իր աշխատանքը ընել կատարեալ ու բարի:

Մեր մաման, քոյրը, դադան, մրքիրը մեզի օրինակ եղաւ սկզբունքներով, հաւատքով, ծառայութեամբ եւ խանդավառութեամբ: Գիտենք, որ ինք կ՛ուզէ, որ պահենք այս բոլորը` իբրեւ իր ժառանգը մեզի, եւ մեկնեցաւ հանգիստ այն վստահութեամբ, որ իր սկսած բարի աշխատանքը, ազգային ու կրօնական աւանդութիւնները եւ անխոնջ հաւատքը  շարունակուին իր սիրելիներուն առօրեայ կեանքին մէջ:

Շնորհակալ ենք քու սիրոյդ եւ օրինակիդ… Կը խոստանանք յիշատակդ վառ պահել:

 

 

 

Նախորդը

Յովսէփ Տէտէիս Յիշատակին

Յաջորդը

Հայ Դատի Կիզակէտ Տէր Զօրէն

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.