Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը

April 26, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարիմ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու կտակին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամ կրտսեր եւ երէց պատանիներ տարբեր ձեռնարկներու ճամբով ոգեկոչեցին Ցեղասպանութեան 107-ամեակը:

Շաբաթ, 16 ապրիլին, շուրջ 150 կրտսեր պատանիներ այցելեցին Ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, ծանօթացան որբահաւաքի կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ` Մարիա Ճէյքըպսընի առաքելութեան:

Իսկ շաբաթ, 23 ապրիլին, դարձեալ շուրջ 150 երէց պատանիներ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին մասնակցեցան ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէութեան կազմակերպած քայլարշաւին` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն Անթիլիասի մայրավանք: Բարձրացնելով դրօշներ եւ «Պայքարեցան ապրելու, Կ՛ապրինք պայքարելով…» կարգախօսով պաստառներ` պատանիները քալեցին ապացուցելու համար իրենց հզօր կամքն ու հերոսներու ուխտին նկատմամբ հաւատարմութիւնը:

Քայլարշաւի աւարտին պատանիները ուղղուեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք եւ միանալով ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն, մասնակցեցան «Նահատակաց» խորանին առջեւ տեղի ունեցած հսկումին, որուն աւարտին դպրեվանեցիներուն եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հետ թափօր կազմած ուղղուեցան դէպի Ցեղասպանութեան Նահատակաց յուշակոթողի շրջակայքը, ուր կատարուեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ նախատօնակի արարողութիւն` նուիրուած սրբադասուած նահատակներուն:

Այնուհետեւ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը, որուն մէջ ընդգծեց. «Այս յուշարձանը, որ դէպի երկինք կը նայի, մեզ կը յիշեցնէ, որ մենք յարութեան կը հաւատանք: Քրիստոնեային համար մահ չկայ, ուրեմն նաեւ հայուն համար մահ չկայ: Եւ մենք կոչուած ենք շարունակել քալելու Տէր Զօրի անապատէն, մինչեւ որ մեր ազգին յարութիւնը տեսնենք, այսինքն` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը»: Հուսկ, ԼՊՄ-ի անունով խօսք առաւ Արեւիկ Գազանճեան եւ իր ընկերներուն անունով յայտնեց, որ ոգեկոչումը կը յիշեցնէ մեր պապերուն ամուր կամքն ու կեանքին կառչածութիւնը, ինչպէս նաեւ կը վերանորոգէ պատանիները հերոսներու արիութեամբ: Ան աւելցուց, որ թէեւ իրենք տակաւին պատանի են, սակայն ուժեղ է իրենց ոգին, որովհետեւ թրծուած է հայրենի հողին համար պայքարած ու նահատակուած հայորդիներուն ոգիով, իսկ պատմական հողերուն կորուստը զիրենք չի յուսահատեցներ, որովհետեւ արդար է հայոց դատը, կարեւորը չկորսուի հաւատքը ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականին նկատմամբ: Նշենք նաեւ, որ խօսք արտասանուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի անունով:

Օրուան աւարտին պատանիները ուղղուեցան Անթիլիասի մայրավանք եւ մասնակցեցան երիտասարդական հսկումին:

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը
Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը

Յաջորդը

Ապրիլեան Եղեռնի 107-ամեակի Հսկում` Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.