Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շնորհալի» Երգչախումբը Ազգային Երգերու Համերգով Վերանորոգեց Մեր Պահանջատիրական Երթը

April 26, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնները ընդհանրապէս լիբանանահայ գաղութին մէջ սկիզբ առին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին եւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ սկաուտական հսկումներով, յաջորդ օրը դարձեալ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու կազմակերպած հաւաքով, ապա ժողովրդային քայլարշաւով` Պուրճ Համուտէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք, Սրբոց Նահատակաց նուիրուած Ս. պատարագի մատուցմամբ եւ բարեխօսական կարգով, հուսկ ոգեշնչող եւ օրուան խորհուրդը իր մէջ պարփակող հայրապետական պատգամով եւ վերջապէս իրենց աւարտին հասան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին սրտերը լեցնող եւ հայկականութեամբ արբեցնող ազգային երգերու համերգով:

Կիրակի, 24 ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու, Ազգային կեդրոնական վարչութեան, ազգային ու քաղաքական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ հայրենասէր ու ազգասէր հայորդիներու, «Լիքաա» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին ազգային երգերու համերգը` ձօնուած Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին, խմբավարութեամբ կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:

Համերգը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներով, ճոխացաւ ու խանդավառուեցաւ ազգայնաշունչ ու ժողովրդային երգերով եւ իր գագաթնակէտին հասաւ ամբողջ հայ ազգը ի մի համախմբուելու եւ ազգային մարտահրաւէրները քաջութեամբ ու արիութեամբ դիմագրաւելու կոչող «Հայե՜ր, միացէ՛ք» ազգայնաշունչ ու մարտական երգով:

«Հիանալի, սքանչելի եւ կարելի է այլ ածականներ եւս շարել` բնորոշելու, բնութագրելու ու նկարագրելու համար այս գեղեցիկ համերգը», վեհափառ հայրապետը իր եզրափակիչ հայրական խօսքը այս բառերով սկսաւ: Խօսելով մեր ազգային երգերու արժէքներուն մասին եւ ընդգծելով պահանջատիրական պայքարին մէջ անոնց ունեցած ազդեցութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներու ապրումներուն վրայ` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ Ցեղասպանութենէն ետք տարիներ ու տասնամեակներ շարունակ մեր սերունդները այս երգերը երգեցին ու այս երգերով ներշնչուեցան եւ կազմաւորուեցան` ազատ ու անկախ եւ ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանի երազը ունենալով մեր կեանքին առջեւ:

Ապա, վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ուղղելով խմբավար հայր սուրբին եւ երգչախումբի ու նուագախումբի անդամներուն` բարձր գնահատեց անոնց կատարումը, նուիրուածութիւնը եւ զոհողութիւնը` նկատի առնելով Լիբանանի ներկայ ընկերային-տնտեսական տագնապները: Անդրադառնալով անդամներուն կատարողութեան` Արամ Ա. կաթողիկոսը գնահատեց անոնց այնքա՜ն ներշնչումով, նոյնիսկ տագնապով երգելու եւ նուագելու ապրումները: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով, որ այսօր ապրիլ 24 է. ան մէկ պատգամ ունի մեզի փոխանցելիք` «միացէ՛ք, հայեր». ուստի, ան հրաւիրեց բոլոր ներկաները, մեր պահանջատիրական ոգին արտայայտող ու պայքարի կամքը հզօրացնող «Հայե՜ր, միացէ՛ք» ազգայնաշունչ երգը միահունչ եւ միաբերան երգելու:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչում` Ժիպէյլի Մէջ

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչում` Պուրճ Համուտի Մէջ Գտնուող Խաչքարին Առջեւ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.