Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչում` Ժիպէյլի Մէջ

Ապրիլ 26, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէին, կիրակի, 24 ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ժիպէյլի Մար Եուհաննա Մըրքոս վանքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչում:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ալեքսանտր Մաթոսեան, Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Զիատ Հաուաթ, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան, նախկին երեսփոխան Ուալիտ Խուրի, գաւառապետ Նաթալի Խուրի, ինչպէս նաեւ Ժիպէյլի եւ Պլաթի քաղաքապետները:

Կոմիտէի խօսքը ուղղեց ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Քլոտ Արըճեան, որ հաստատեց, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին որդեգրուած տարբեր ձեւերը, տարագրութիւնը, մանուկներու լաց ու կոծը, Եփրատի եւ Տիգրիսի մէջ թափած արիւնը, կախաղաններու պատկերը, Տէր Զօրի մէջ գտնուած մեր նախահայրերուն գանկերն ու ոսկորները, ինչպէս նաեւ Ժիպէյլի հազարաւոր որբերը չկրցան հայ ժողովուրդը տապալել:

«Այսօր մենք` Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն թոռները, 107 տարի ետք կը շարունակենք կռուիլ ու պայքարիլ` Արցախի եւ արաբական բոլոր երկիրներուն մէջ թրքական ներթափանցումը եւ համաթուրանական ծրագիրներու յաջողութիւնը արգիլելու նպատակով», ըսաւ Ք. Արըճեան` աւելցնելով, որ Թուրքիա մնայուն կերպով եւ ամէնուր սադրանքներ ու ծայրայեղութիւններ կը սերմանէ:

Օրուան բանախօս, Տեղեկատուական կեդրոնացման հիմնարկի տնօրէն Սալեմ Զահրան յայտնեց, որ հայ մօր կամ հօր զաւակը պէտք չունիս ըլլալու, որպէսզի դառնաս այս վեհ ազգին զաւակը: «Բաւարար է, որ մարդ ըլլաս` պատկանելու համար այս Դատին», ըսաւ ան:

Զահրան ՄԱԿ-ը եւ միջազգային ընտանիքը պատասխանատու նկատեց` նկատել տալով, որ ՄԱԿ-ի շրջափակին մէջ գոռացողներուն համար աւելի լաւ է իրենց կանչը ուղղել երկինք, որովհետեւ երկինքը աւելի մօտ է, քան այդ երկիրները:

«Այդ երկիրները կը դիտեն պաղեստինցիներուն ջարդը, ինչպէս նաեւ հայոց եւ ասորիներուն սպանդն ու բռնագաղթը` Ռաքքայի, Հասաքէի, Տէր Զօրի եւ Հալէպի մէջ: Այդ երկիրները նոյնիսկ խտրութեամբ կը մօտենան նահատակներուն արեան: Այո՛, այսօր ո՛չ միայն ոճրագործ Էրտողանն ու անոր վարչակարգը, կը մերժեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ` ամբողջ աշխարհը, որ նոյնիսկ երբ ճանչցաւ զայն, ճանչցաւ շիկնելով եւ ցած ձայնով», ընդգծեց Զահրան:

Զահրան կոչ ուղղեց Թուրքիան պոյքոթի ենթարկելու: «Եթէ իսրայէլեան արտադրութիւնները պոյքոթի ենթարկելը պարտաւորութիւն է, ապա թրքական արտադրութիւնները պոյքոթի ենթարկելը պարտաւորութենէ աւելի է: Ամօ՛թ մեզի, որ Պէյրութէն Պոլիս էջք կատարող օդանաւերուն համեմատութիւնը ամէնէն բարձրն է: Ոճրագործ այս վարչակարգին համար ծախսուած իւրաքանչիւր տոլար Ցեղասպանութեան մեղսակցութիւն է: Իւրաքանչիւր ճամբորդութիւն, որ կը կատարենք եւ Թուրքիոյ վիզան կը ստանանք եւ տուրքեր կը վճարենք, մենք ոճրագործը կը հրաւիրենք մեզի դարձեալ սպաննելու», ըսաւ ան:

Զահրան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ թրքական ներկայութեան` հաստատելով, որ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն ետք իր զինուորականները Պէյրութ գործուղած Թուրքիան մայրաքաղաքի որոշ թաղամասերը կ՛ուղղուէր` լիբանանցիներուն միջեւ սադրանք նախապատրաստելու նպատակով:

«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Լիբանան հասած թրքական մահիկը չեկաւ նահատակները դուրս բերելու, այլ` ընդգծելու, որ ինք միշտ պատրաստ է ըլլալու հոն, ուր արեան հոտ կայ», եզրափակեց Զահրան:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Համազգայինի» նուագախումբին, երգչախումբին եւ պարախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» պատանեկան միութեան անդամները:

Ձեռնարկին աւարտին «Քեռի» կոմիտէն Զահրանին նուիրեց հայկական այբուբենով քանդակուած յուշանուէր մը:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին Առիթով Յ. Բագրատունիի Գրառումը

Յաջորդը

«Շնորհալի» Երգչախումբը Ազգային Երգերու Համերգով Վերանորոգեց Մեր Պահանջատիրական Երթը

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?