Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլ Ամսուն` ՍՆԱՎ-ի Ժառանգութեան Շաբաթ. Ձօն` ՍՆԱՎ-ի Ընտանիքէն Արուքեան Ընտանիքին

April 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՐՄԻՆԷ Գ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանի (ՍՆԱՎ) տնօրէնութեան տարիներուս ապրիլ ամսուան համար աւանդական շաբաթ մը սկսած էի մեր աշակերտութեան, ծնողներուն, ուսուցչական կազմին, մանաւանդ` ոչ հայ պաշտօնեաներուն համար` ARMENIAN HERITAGE WEEK – Ժառանգութեան շաբաթ անուան տակ, ձեւով մը սորվեցնելու, վերյիշել տալու, թէ ո՛վ է հայը, ի՛նչ տաղանդներ ունի, ի՛նչ ներդրումներ կատարած է, ո՛ւր որ ալ հաստատուած է, պարտադրաբար թէ յօժար կամքով, քաղաքացի դարձած եւ ներդրում ունեցած է թէ՛ իր համայնքին եւ թէ՛ տուեալ երկրին վերելքին նպաստելով, իւրաքանչիւրը` իր մասնագիտութեան ուղիով:

Ապրիլ 24-ի սգատօնին ընդառաջ, սուգ ու լացէն անդին, մեր սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը պանծացնելու, վերապրողներուն յաջողութիւններու հասած ձգտումին հետ, անոնց պայքարի ոգիով աշակերտութեան հոգիները հպարտութեամբ լեցնելու փորձս էր…

Այսօր կը կեդրոնանամ Արուքեան ընտանիքին պատմութեան վրայ` մասնաւորաբար շեշտելով համեստ եւ առատաձեռն բարերար հայորդիի մը` յանձինս Հրաչ Սամուէլ Արուքեանին եւ նոյնքան համեստ, սակայն կամաւոր, լռելեայն մեծ աշխատանքով օրը օրին հայ դպրոցին նպաստող Նեկտար ԲԱՐՈՒՆԱԿԵԱՆ-ԱՐՈՒՔԵԱՆԻՆ, մօտէն ծանօթանալու այս համեստ եւ ազնուական ամոլին:

*  *  *   *

Նեկտար եւ Հրաչ Արուքեաններուն հետ – Միսաք եւ Զարմինէ Պօղոսեան ՍՆԱՎ-ի տարեկան պարահանդէսէն յիշատակ մը:

Թէ Ինչպէ՞ս «Անհայրենիք»  Տղան
Ստացաւ Բարձրագոյն Ուսում
“Stateless Person” to receive Degree

1915-ի Ցեղասպանութենէն իւրաքանչիւր վերապրող եւ վերապրողի զաւակ իր իւրայատուկ կենսագրութիւնը ունի, այլապէս շատ յաճախ կրկնուած` ՈԴԻՍԱԿԱՆ մը, այդ բառին ետին թաքնուած աննկարագրելիօրէն չարչարալից կեանքի մը անմոռանալի եւ անքողարկելի տարբերակը:

Այո՛, թուականն էր 6 յունիս 1961: Քաղա՞քը` Ֆիլատելֆիա, իսկ համալսարանը ուրկէ այս երիտասարդը` Հրաչ Սամուէլի Արուքեանը, Եթովպիոյ մայրաքաղաք Ատիս Ապապայէն յատկապէս ժամանած մօրը` տիկին Տիգրանուհիին օրհնաբեր ներկայութեամբ, կ՛արժանանայ աւարտական վկայականին` Bachelor of Science from Pen State University!

Հրաչը որդին է 1896-ին Մարաշ ծնած Սամուէլ Արուքեանի եւ 1900-ին Ատանա ծնած Տիգրանուհի Պոյաճեանին:

Եթէ այդ երկու թուականներուն հետ ծննդավայրերուն անունները բան չեն ըսեր ձեզի, Կիլիկեան շրջանի քարտէսը եկէք մեր աչքին առաջ առնելով` պահ մը երեւակայենք եւ սկսինք ճամբորդութիւնը Սամուէլ Արուքեան հայրիկին հետ մինչեւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափին գտնուող Ֆիլատելֆիա քաղաքը, ուր Հրաչ յաջողութեամբ կը ստանայ իր համալսարանական վկայականը:

Իսկ Սամուէլ հայրիկը իր նախնական ուսումը ստացած էր Մարաշի Գերմանական որբանոցին մէջ: Երբ 1911-ին 15 տարեկան կը դառնայ, որբանոցի տարիքը անցած ըլլալուն, կը յանձնուի գերմանացի ճարտարագէտի մը «խնամքին»` փաստօրէն դառնալով անոր սպասաւորը, ձիուն ախոռը մաքրելէն, մինչեւ ուտեստեղէնի գնումները կատարողը:

1912-ին կը վերադառնայ  իր ծնողքին մօտ` օրապահիկներէն 30 թրքական ոսկի խնայելով: Գումարին մէկ մասը ծնողքին յանձնելէ ետք, ինք կը վերադառնայ Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքը եւ 3 ոսկի վճարելով` կ՛արձանագրուի Ս. Փոլ ամերիկեան քոլեճ: Սակայն կրթաթոշակին պակասը լրացնելու համար դարձեալ պէտք էր աշխատէր: Իր տնօրէնին ձիուն խնամք տանելով` կ՛ապահովէ պէտք եղած գումարը: Իսկ յաջորդ ուսումնական տարուան կրթաթոշակը ապահովելու համար Տարսոնի հայ վարժարանին մէջ ուսուցչութեան կը սկսի` 1913-1914 տարեշրջանին:

Տարագիրի կեանքը կը սկսի 1914-15 թուականներէն սկսեալ: Տարագրուած կարաւանին չարչարալից ճամբորդութիւնը կը շարունակուի օրական վեց ժամ քալելով, անօթի եւ ծարաւ, անցնելով Պաղչէ, Մարաշ, Այնթապ, Սուրուճ, Պերեճիկ եւ Ուրֆա քաղաքներէն: Ականատես կը դառնայ ճամբու ընթացքին անօթութենէն հիւծած հայրենակիցներու մահուան, սպաննուողներուն, սիրուն աղջնակներու առեւանգումին եւ փոքրիկ տղոց որպէս սպասաւոր վաճառքին: Կը յաջողի ձեւով մը թաքուն հեռանալ մահուան առաջնորդող այդ կարաւանէն:

1916-1919 քիւրտ ցեղախումբերու մէջ ապրելով, դառն տարիներ անցընելէ ետք վերջնականապէս կը հեռանայ Կիլիկիոյ շրջանէն եւ 15 նոյեմբեր 1921-ին կը հասնի Զմիւռնիա: Ուսումնատենչ հայրիկը վերստին ուսանող կը դառնայ 1918-1921, ի վերջոյ կը տիրանայ վկայականին 1922-ի յունիսին` աւարտելով Զմիւռնիոյ Ինթըրնեշընըլ քոլեճի ծրագիրը: Ապա կը հետեւի Պոլսոյ եւ Աթէնքի Սքուլ աֆ ռիլիճընի դասընթացքներուն ու 1925-ին շրջանաւարտ կ՛ըլլայ: Զմիւռնիոյ հրկիզումի նախօրեակին Պոլիս կը հասնի, սակայն հոն ալ քրիստոնեայ հայուն կեանքը անապահով դառնալով` Ամերիկեան վարժարանը կը փոխադրուի Աթէնք, ուր 1924-ին Անաթոլիա քոլեճին մէջ հայերէն եւ թուաբանութիւն դասաւանդելու կը սկսի:

1926-ին կ՛ամուսնանայ Տիգրանուհիին հետ: Զանազան ուսուցչական պաշտօններ կը վարէ Սելանիկի Անաթոլիա քոլեճին մէջ եւ յաջորդաբար` Ֆրանսական լիսէ, հրէական «Ալչէխ» առեւտրական վարժարաններուն մէջ: 1930-1932 իր ետին ձգելով երիտասարդ կինը` Տիգրանուհին եւ առջինեկ մանչը` Վահէն, Միացեալ Նահանգներ կը հասնի` Քոլոմպիա համալսարանի թուաբանութեան եւ անգլերէնի դասընթացքներուն հետեւելու: Ապա վերադառնալով Յունաստան` նոյն պաշտօնները կը վարէ: Կը ճաշակէ Համաշխարհային Բ. պատերազմին բոլոր դառնութիւնները, երբ Գերմանիան կը գրաւէ Յունաստանը, հայր եւ որդի Սամուէլն ու Վահէն կը ղրկուին գերմանական «աշխատանքային Ճամբար», իսկ տիկին Տիգրանուհին եւ Հրաչ որդին կ՛անցնին Աթէնք: Վերջ ի վերջոյ, պատերազմի աւարտին ընտանիքը կը միանայ 1945-ին:

Այդ օրերուն Եթովպիոյ մայրաքաղաք Ատիս Ապեպա հաստատուած  էր  Սամուէլ Արուքեանի դասընկեր, ապագային յայտնի մտաւորական եւ հեղինակը The Turks Before the Court of History, Վահրամ Կէօքճեան, որուն առաջարկով Սամուէլ Արուքեան հրաւէր կը ստանայ տնօրէնութեան պաշտօն ստանձնելու Ատիս Ապեպայի հայ դպրոցին մէջ:

Հոս, Արուքեան ընտանիքին կեանքի երրորդ շրջանը բաղդատաբար աւելի կայուն կը դառնայ, երբ տան հայրը տնօրէն կը նշանակուի դպրոցին, իսկ տիկին Տիգրանուհին, որ սահուն կը տիրապետէր հայերէն, անգլերէն, թրքերէն, յունարէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու, ինք ալ նոյն դպրոցին մէջ կը դասաւանդէ հայոց լեզու եւ թուաբանութիւն: Ատիս Ապեպայի հայ ընտանիքներուն բարեկեցիկ կեանքը մասամբ կը բուժէ այն բոլոր զրկանքներն ու դաժան կեանքը, որ Արուքեան ընտանիքը ապրած էր երկրէ երկիր հայ գաղթականի վիճակով: Այդ շրջանին տիկին Տիգրանուհին, ուսուցչութեան կողքին, համայնքային գործօն աշխատանքով ալ օգտակար կը դառնայ Ատիս Ապեպայի հայ համայնքին:

Արուքեան ընտանիքի կեանքին չորրորդ շրջանը կը սկսի Լիբանանի հայահոծ շրջան` Այնճարէն, երբ Սամուէլ հայրիկին առողջական վիճակին պարտադրանքով կը հաստատուին հոն: Իսկ Այնճարէն վերջնականպէս Միացեալ Նահանգներ կը հասնին 1970-ին` շնորհիւ Հրաչ որդիին ջանքերուն, ուր «ԱՆՀԱՅՐԵՆԻՔ» պիտակաւորուած երիտասարդ համալսարանական որդին կրցած էր տիրանալ ամերիկացի քաղաքացի ըլլալու իրաւունքին:

Հրաչի կեանքին ոդիսականն ալ նուազ տագնապալից չէր իր հօր կեանքէն: Հօրը եւ եղբօրը գերմանական «աշխատանքային Ճամբար»-էն վերադարձին Յունաստան քաղաքացիական պատերազմի մէջ ըլլալով` ընտանիքը կը հասնի Եթովպիոյ մայրաքաղաք Ատիս Ապեպա, իսկ Հրաչ կը մեկնի Կիպրոս եւ կը յաճախէ Կիպրոսի Ամերիկեան ակադեմիա: Աւարտին, երիտասարդ Հրաչ, շնորհիւ իր նկարագրին եւ իմացական կարողութեան եւ ծանօթ դասախօսներէն մէկուն միջամտութեան, գործի կ՛ընդունուի Ատիս Ապեպայի ամերիկեան դեսպանատան մէջ` որպէս թարգմանիչ եւ հաշուապահ:

Այս փորձառութիւնը քաջութիւն կու տայ երիտասարդ եւ ուսումնատենչ երիտասարդին` իր համալսարանական կրթութիւնը շարունակելու Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքի «Pen State University»-ի մէջ:

Սակայն քաղաքացիութիւն չունենալու հարցը կը ծագի հոս, երբ իր ուսանողական տարեշրջանը աւարտին կը մօտենայ եւ երկրէն դուրս վտարուելու ահազանգը կը հնչէ: Հո՛ս է դարձեալ, որ հայ երիտասարդին պարկեշտ ուսանող ըլլալը, բարձր առաքինութեան հետ իր աշխատասէր ու խելացի ըլլալը պատճառ կը դառնան, որ թէ՛ համալսարանին տնօրէնութիւնը եւ թէ՛ դասախօսները իրենց միջամտութիւններով դիմեն Փենսիլվանիոյ ծերակուտական Ժոզեֆ Ս. Քլարքին, որ իր կարգին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին դիմելով` յատուկ արտօնութեամբ Հրաչին Միացեալ Նահանգներ մնալու կեցութեան իրաւունքը հետապնդելու կը սկսի:

Շնորհիւ ծերակուտական Քլարքին հետապնդումներուն, յատուկ օրէնքով եւ նախագահ Ճոն Քենետիի ստորագրութեամբ կը վաւերացուի Հրաչին կեցութիւնը, եւ ապա` հինգ տարի ետք օրինաւոր քաղաքացի ըլլալու իրաւունքը:

Ծերակուտականին, ծերակոյտին եւ նախագահին յղած յատուկ դիմումնագիրին մէջ յատկապէս կը նշուի, թէ ինչո՛ւ Հրաչ քաղաքացիութիւն չունի,  որովհետեւ թէ՛ հօր եւ թէ՛ մօր հարազատները «թրքական ջարդերու պատճառով ոչնչացած են»:

Յաջորդաբար ընտանիքը ստիպողաբար Յունաստան հաստատուած է: Հրաչ ծնած է Յունաստան, սակայն Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին հայրը եւ երէց եղբայրը` Վահէն, գերմանական բանտի մէջ անցուցած են մինչեւ Եթովպիա հաստատուիլը, ուրկէ ծնողքը ստացած էին Հայ դպրոցի մէջ պաշտօնավարելու հրաւէրը եւ ճամբորդելու համար ժամանակաւոր փաստաթուղթեր:

Ծերակուտական Ժոզեֆ Ս. Քլարքին թիւ (S. 273) դիմումնագիրը, Միացեալ Նահանգներու 86-րդ եւ 87-րդ ժողովներուն յատուկ համաձայնութեամբ, վերջապէս վեց լեզուներու տիրապետած եւ համալսարանական վկայականի տիրացած Հրաչ Սամուէլի Արուքեանը 28 սեպտեմբեր 1962-ին կ՛արժանանայ նախագահ Քենետիին ստորագրութեամբ Միացեալ Նահանգներ օրինաւորապէս մնալու իրաւունքին:

*   *   *

Հրաչին կեանքը աւելիով կ՛իմաստաւորուի, երբ իր կեանքի ճանապարհը ճակատագրի մէկ բարեբաստիկ տնօրինութեամբ կը միացնէ օրդ. Նեկտար Բարունակեանին, Մոնրէալի մէջ կայացած բոլորովին պատահական այցելութեան մը ընթացքին:

Նեկտարին տարսոնցի Կէօվճէլեան մօր եւ արաբկիրցի Բարունակեան հօր գերդաստանը Արուքեան ընտանիքին պէս, նոյնանման ճակատագրի ենթարկուած էին Ցեղասպանութեան տարիներուն:

Նեկտարին մեծ հայրը երիտասարդ տարիներուն, Ցեղասպանութեան տարիներէն շատ առաջ, Արաբկիրէն Միացեալ Նահանգներ երթալով, գումար հաւաքած էր ընտանիքին օգտակար դառնալու: Ան միաժամանակ օրին հեռատեսութիւնը ունեցած էր նաեւ կեանքի ապահովագրութիւն գնելու «Նիւ Եորք Լայֆ» ապահովագրութեան գրասենեակէն: Սակայն ընտանիքին կարօտը զինք վերստին կը բերէ իր ծննդավայրը, ուր դժբախտ ճակատագիրը զինք կը սպասէր զոհ դառնալու Ցեղասպանութեան:

Նեկտարին մեծ մայրը զոհուած ամուսնոյն յիշատակով, ինչ-ինչ պայմաններու տակ վերապրելով` կրցած էր պահպանել ապահովագրութեան փաստաթուղթերը: Պէյրութի որբանոցին մէջ ջանացած էր իր շուրջը որբեր հաւաքելով` հայերէն այբուբեն սորվեցնել: Ի վերջոյ իր որդիին (Նեկտարին հօրը) եւ աղջկան հետ կը հասնին Ատիս Ապեպա, ապա տարիներ ետք ընտանիքը կը տեղափոխուի Մոնրէալ, ուր Հրաչ եւ Նեկտար կը ծանօթանան եւ օրինաւորապէս կ՛արժանանան ծնողներու հաւանութեան:

Նիւ Եորքի մէջ կը կնքուի Հրաչին եւ Նեկտարին ամուսնութիւնը 11 նոյմբեր 1979-ին: Կը բախտաւորուին երկու հրաշալի դուստրերով` Արփի եւ Թալին, երկուքն ալ շրջանաւարտ` ՍՆԱՎ-էն:

*   *   *

Իմ ծանօթութիւնս Արուքեան ընտանիքին հետ Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանին մէջ սկսաւ 1987-ի վերամուտին: Շնորհազարդ մայր, մեծ մայր` տիկին Տիգրանուհի Արուքեան, իր նոյնքան շնորհալի հարսին` Նեկտարին եւ իրենց սիրասուն դուստրեր` Արփիին եւ Թալինին հետ դարձան ՍՆԱՎ-ի ընտանիքի անդամները:

Հրաչը ընտանիքին մէջ իր գործով զբաղած անձն էր, որուն ներկայութիւնը շատ քիչ առիթներով վայելելու բախտը ունեցած էի: Յարգուած անձնաւորութիւն մըն է, եւ մանաւանդ` շատ առատաձեռն, որ ոչ միայն իր անձնական եկամուտէն ամէն տարի կը նպաստէր ՍՆԱՎ-ին, այլ նաեւ իր «յաճախորդներէն», որոնց եկամուտի ֆինանսական տնօրինումը իրեն վստահուած էր, բաժին մը անպայման կը հասնէր ՍՆԱՎ-ին: Այդպիսով, իւրաքանչիւր  դպրոցական տարեշրջանին ՍՆԱՎ նպաստընկալն էր նուազագոյնը հինգ հազար ամերիկեան տոլար գումարի մը, վարժարանի կրթաթոշակի ֆոնտին աւելցնելու:

*   *   *

Այս օրերուն վերստին կը յիշենք ապրիլեան եղեռնը, մեր կորուստներուն հետ կարգ մը հեռատես հայորդիներու ամերիկեան ապահովագրութեան ընկերութենէն ապահովագրութիւն գնած ըլլալը: Անոնց զուգահեռ, կը կարդանք նաեւ, թէ ինչպէ՛ս դահիճ Թալէաթ Միացեալ Նահանգներու օրուան հիւպատոս Հանրի Մորկընթաուէն  խնդրած էր, որ բոլոր այդ ապահովագրութեան գումարները թուրք կառավարութեան կը պատկանին, որովհետեւ ա՛լ պահանջատէր չէր մնացած…

Մեր իրաւաբաններէն տիար Վարդգէս Եղիայեանին մղձաւանջը կը դառնայ Թալէաթին` Ամերիկայի դեսպանէն այս պահանջը: Կը ձեռնարկէ  Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայերուն իրաւունքը հետապնդել եւ վերակենդանացնել երկու այլ իրաւաբաններու հետ: Արդէն լրատուամիջոցներէն ծանօթ ենք, թէ ինչպէ՛ս անոնք յաջողեցան գումարներ վերակենդանացնել:

Անոնց շարքին էր նաեւ Նեկտարին Բարունակեան մեծ հօր իրաւունքը… որուն փաստաթուղթերը երկրէ երկիր հասած էին մինչեւ Ատիս Ապեպա եւ ապա` Մոնրէալ-Քանատա, ուր Մոնրէալ ապրող Նեկտարին քրոջ մէկ կողմ դրուած նկուղի սնտուկներուն մէջ կը քնանային:

Փաստերը իրարու քով բերելով, բաւական երկար ընթացքէ ետք, Նեկտար եւ իր քոյրերը կը ստանան իրենց մեծ հօր ապահովագրութենէն ժառանգ մնացած իրաւունքը: Նեկտար եւ Հրաչ Արուքեան ամոլը կ՛որոշեն իրենց բաժին գումարը նուիրել Երեւանի Զէյթուն շրջանի որբանոցին` ի յիշատակ Պերճուհի եւ Եղիշէ Բարունակեան մեծ հօր եւ 1915-ի օրերէն որբացած հայորդիներուն:

Արուքեան ընտանիքին առատաձեռնութիւնը եւ բարեսիրական գործունէութիւնը հոս չէ, որ կ՛աւարտի: Տասնամեակներէ ի վեր Նեկտար անդամ է ՍՆԱՎ-ի Բարեկամներու հանգանակութեան յանձնախումբին, իր կամաւոր աշխատանքով կը շարունակէ նպաստել հայ դպրոցին, իր դուստրերուն շրջանաւարտ ըլլալէն ետք ալ: Արուքեան երէց դուստրը` վարժարանէն շրջանաւարտ Արփին, վարժարանին հոգաբարձական կազմին անդամ է:

Իսկ Հրաչ Արուքեա՞նը: Այո՛, ան լռելեան վարժարանին այն առատաձեռն նուիրատուն է, որ բացարձակօրէն չ՛ընդունիր որեւէ գովաբանութիւն, բարձրագոչ յայտարարութիւն կամ թմբկահարում. ճի՛շդ ու ճիշդ` Տիգրանուհի մամային սուրբգրային դաստիարակութեամբ մեծցած հարազատ զաւակը, որուն աջ ձեռքէն ելածը ձախ ձեռքը լուր չ՛ունենար:

Սակայն ՍՆԱՎ-ի ընտանիքը անհուն երախտագիտութեամբ գիտէ, թէ ո՛վ է համեստ, անշշուկ, բացառիկ առատաձեռն իր բարերարը`

ՍԱՄՈՒԷԼ եւ ՏԻԳՐԱՆՈՒՀԻ ԱՐՈՒՔԵԱՆԻ ՈՐԴԻ`  ՀՐԱՉԸ:

4 ապրիլ 2022
Սփրինկֆիլտ – Ֆիլատելֆիա

 

 

Նախորդը

«Ցնծացէ՛ք», Սրբադասուած Նահատակներ, Խաղաղութեամբ Պիտի Ապրինք Թրքութեան Հետ (Եղեռնի 107-ամեակ)

Յաջորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը. Մեծ Եղեռնի Ծնունդ` Վերապրողի Արդար Ցասումն Ու Պոռթկումը Արգասիքն Է «Հերոսներին Ու Մայրերին» Երգին

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.