Օսկիան Գշիկեանին ընտանիքը կ՛ապրէր Սեբաստիոյ Կովտուն գիւղը, սակայն ինքը աշխատանքի պատճառով կը մնար Պոլիս, միայն տօնական օրերուն կ՛երթար գիւղ` իր ընտանիքին հետ անցընելու:
Պոլսոյ մէջ, կը կարծեմ, առեւտուրի գործով կը զբաղէր: Ունէր թուրք բարձրաստիճան զինուոր բարեկամ մը, որ ազատ ժամերուն յաճախ կու գար իր մօտ, ըստ երեւոյթին, շատ կը յարգէր Օսկիանը:
Օր մըն ալ, սովորականին նման կը հանդիպի իրեն, բարեկամական ընթացիկ զրոյցէ ետք կ՛ըսէ.
– Կացութիւնը լաւ չեմ տեսներ, լաւ կ՛ըլլայ, որ երթաս գիւղ եւ ընտանիքիդ քով ըլլաս:
Արդէն Ս. Զատիկը կը մօտենար, Օսկիան յարմար կը նկատէ քիչ մը աւելի կանուխ երթալ, քանի որ այդ խօսքը ըսողը պարզ մարդ մը չէր: Ուստի գործը կարգի կը դնէ եւ ճամբայ կ՛ելլէ:
Հազիւ քանի մը օր եղած էր գիւղ հասնելուն, ոստիկաններու խումբ մը գիւղ կը մտնէ եւ տունէ տուն կը սկսի տղամարդիկը հաւաքել:
Օսկիանին կինը` Հռիփսիմէն, պատահմամբ պատուհանէն կը նկատէ եւ ամուսինին ձայն կու տայ:
Օսկիան տան մէջ ապահով տեղ մը կը պահուըտի. ոստիկանները կը հասնին Գշիկենց տունը, դուռը կը թակեն եւ կը հարցնեն.
– Ո՞ւր է ամուսինդ:
– Ան Պոլիս կը մնայ,- կը պատասխանէ Հռիփսիմէ:
Ոստիկանները կը հաւատան, կ՛երթան դրացիին տունը եւ տղաքը կը տանին իրենց հետ:
Դրացի կինը կը հարցնէ.
– Ինչո՞ւ կը տանիք մեր տղամարդիկը:
Ոստիկանը կը պատասխանէ.
– Կառավարական հրահանգ է, պէտք է զինուորագրուին, կը տանինք մարզելու:
Այս տան կինը բարկացած կ՛ըսէ.
– Իսկ ինչո՞ւ քովի դրացիին մարդը չառիք:
– Ան Պոլիս կը մնայ, հոս չէ,- կը պատասխանէ ոստիկանը:
Կինը կը մատնէ եւ կը յայտարարէ.
– Երեք օր առաջ եկաւ…
Երկու ոստիկաններ բարկացած` կը վերադառնան, Գշիկենց տունը անգամ մը եւս եւ շատ լաւ կը խուզարկեն, կը գտնեն Օսկիանը եւ կը տանին իրենց հետ:
Օսկիան ունէր երեք դուստր եւ երկու մանչ, ամէնէն մեծը` Պետրոս, 16 տարեկան, երկրորդը` Սաթենիկ` 14 տարեկան, նշանուած էր, երրորդը` Պայծառ` 8 տարեկան, չորրորդը` Սարհատ` 7 տարեկան, իսկ ամէնէն փոքրը` Շուշանիկ` 5 տարեկան, որ աննման գեղեցկուհի մը եղած է, շատ պատմութիւններ կան անոր գեղեցկութեան մասին:
Տղամարդոց տարուելէն շաբաթ մը ետք դարձեալ ոստիկանական ջոկատ մը կը մտնէ գիւղ, մուտքին երկու կողմերը երկար սեղաններ կը տեղաւորուին, քանի մը պզտիկ խումբեր կ՛երթան տուներուն դռները կը զարնեն եւ կ՛ըսեն, որ պետական հրահանգով պէտք է պարպեն իրենց տուները, որովհետեւ` «Կառավարութիւնը աւելի յարմար եւ ապահով տեղ պիտի տանի ձեզ, պայմանաւ որ բանալիները պէտք է տանիք եւ սեղանին ետին նստող ոստիկաններուն յանձնէք»:
Ժողովուրդը խուճապի կը մատնուի, քանի մը ժամուան մէջ ո՞վ, ինչպէ՞ս պիտի պատրաստուէր ու հեռանար իր տունէն. արդէն տղամարդ չէր մնացած, այլ կային միայն կիներ, աղջիկներ, երեխաներ եւ ծերունիներ:
Հռիփսիմէն շատ հեռատես եւ խելացի կին մը եղած է. ամուսինին տարուելէն ետք անմիջապէս գործի կը լծուի, տան մէջ դասաւորումներ կը կատարէ, ամէն մէկ երեխային ձեռքը ծրար մը կու տայ, եւ այդպէս տունէն դուրս կ՛ելլեն: Հազիւ բանալին կը դնէ ոստիկաններուն սեղանին, միտքը բան մը կու գայ, շուտով բանալին ետ կը վերցնէ, կ՛երթայ ախոռ, երկու հաւերուն գլուխները կը կտրէ, տոպրակի մը մէջ կը դնէ ու կու գայ զաւակներուն մօտ:
Այստեղ ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնեմ այդ կնոջ խելակորոյս վիճակը, արդեօք ի՞նչ կը մտածէր այդ վայրկեանին, այդ հաւերը պիտի կարենա՞ր եփել եւ զաւակները կերակրել:
Հիմա ինքս ալ պահ մը կը մտածեմ… պատմուած անմարդկային, սրտաճմլիկ աղէտին մասին. մարդ որքա՛ն քարսիրտ պէտք է ըլլայ, որ դիմանայ:
Գիւղը կը դատարկուի, Հռիփսիմէ 5 զաւակներուն հետ գաղթի ճամբան կը բռնէ:
Պայծառ շատ նիհար եւ տկար եղած է, այլեւս` անկարող քալելու: Մայրը ստիպուած` ճամբու եզրին գտնուող տուներէն մէկուն դուռը կը զարնէ եւ օգնութիւն կը խնդրէ, կ՛աղաչէ, որ այդ պզտիկը իրենց քով պահեն, պատառ մը հաց տան, մինչեւ որ վիճակը հանդարտի, եւ ինք վերադառնայ եւ առնէ իր զաւակը:
Թուրք կինը կը խղճայ, եւ Պայծառ հոն կը մնայ. մայրը իր ճամբան կը շարունակէ չորս զաւակներով:
Խեղճ փոքրիկին պոռչտուքներուն սիրտ կ՛ուզէ դիմանալ:
Թուրք կինը առ ի պարտականութիւն կ՛առնէ զայն եւ վերի յարկի սենեակներէն մէկուն մէջ կը բանտարկէ, դուռը կը կղպէ, որպէսզի յանկարծ չփախչի: Ամէն օր կերակուր կը տանի, կու տայ, բայց աղջիկը ո՛չ կ՛ուտէ, ո՛չ կը խմէ, ո՛չ ալ կը քնանայ: Գիշեր-ցերեկ պատուհանին առջեւ կանգնած` մայրը կը կանչէ. տան առջեւէն անցնող խումբերը դիտելով` կը մտածէ, որ մայրն ու քոյրերը արդեօք այդ խումբերուն մէ՞ջն են, տակաւին չի կրնար ըմբռնել, որ երեք օր առաջ մայրը եւ քոյրերը արդէն գացած էին:
Տան կինը չի դիմանար այդ աղջկան լացին, երեք օր ետք դուրսը բարակ հաց եփած ատեն դուռը կը բանայ, աղջիկը դուրս կը բերէ, թեւին տակ պզտիկ ծրար մը կը դնէ եւ «դեռ մայրդ կ՛ուզե՞ս» ըսելով` հաց բանալիք գրտնակով հարուած մը կու տայ անոր եւ դուրս կը դնէ:
Պայծառ այծեամի նման կը թռչի եւ կը խառնուի խումբի մը: Այդ միջոցին երիտասարդ կին մը կը մօտենայ եւ «Աղջիկ Պայծառ, դուն ի՞նչ կ՛ընես հոս» կը հարցնէ:
– Մամաս կը փնտռեմ, մամաս կը փնտռեմ…
– Լա՛ւ, լա՛ւ, մի՛ լար, հիմա որ զիս գտար, ալ մի՛ վախնար,- կը մխիթարէ կինը, եւ միասին ճամբանին կը շարունակեն:
Այդ երիտասարդ կինը Պայծառին հօրաքրոջը աղջիկն էր, տարբեր գիւղէ էր, չենք մտածած հարցնել գիւղին անունը:
Ճամբան հետզհետէ կը դժուարանայ, երկար ժամեր կը քալեն.
– Պայծա՛ռ, ո՛չ դուն ուտելիք բան մը ունիս, ոչ ալ դրամ ունինք, որ բան մը գնենք, ինչպէ՞ս պիտի դիմանանք,- հարց կու տայ երիտասարդ կինը:
Այդ վայրկեանին Պայծառ կը յիշէ, որ թուրք կինը ծրար մը դրաւ թեւին տակ, կը բանայ զայն, եւ կը տեսնենք երեք հատ բարակ հաց: Այս երեք հացերով երկուքը մէկ շաբաթ ճամբայ կը կտրեն, մինչեւ կը հասնին Ուրֆայի խանին դուռը:
Ճամբուն վրայ արդէն շատեր մահացած էին, ոմանք հիւանդութենէ, ոմանք անօթութենէ, իսկ ոմանք` տանջանքով:
Դեռ հազիւ հասած` ձիաւոր ոստիկան մը կը մօտենայ այդ մանկամարդ կնոջ, ոսկեգոյն ծամերը ձեռքին կը փաթթէ, կը վերցնէ զայն, ձիուն վրայ` իր ետին կը դնէ ու կը տանի: Պայծառ, շուարած, չի հասկնար, թէ ի՛նչ կը կատարուի իր շուրջ, կը սկսի պոռալ. «Զիս կը ձգես, ո՞ւր կ՛երթաս»:
Զարմուհին, ձիուն վրայէն ետեւ կը դառնայ եւ կը պոռայ. «Պայծա՛ռ, տեղ չերթաս, սպասէ, ես շուտով կը վերադառնամ»:
Պայծառ դրան առջեւ քարի մը վրայ կը նստի եւ կը սպասէ: Մինչեւ այսօր այդ երիտասարդ կինը դեռ չէ եկած:
… Շարունակելի…
Սիրելի՛ ընթերցող,
Վստահ եմ, որ այս պատմութիւններուն մէջ եղած դէպքերը ամբողջ հայ ժողովուրդին գլուխէն անցած են: Շատ կը փափաքէի, որ Հայաստանի ժողովուրդը կարդայ եւ հասկնայ սփիւռքահայութեան սրտին ցաւը, գիտնայ, թէ ինչպէ՛ս սկսած է Ցեղասպանութիւնը, եւ ասիկա միայն Կովտուն գիւղին ճակատագիրը չէ եղած:
Սփիւռքը կը պահանջէ իր արժանապատուութիւնը, լաւապէս կը գիտացի Խորհրդային Միութեան օրերուն Հայաստանի ժողովուրդին ապրած մեծ դժուարութիւններուն, որոնց դէմ յանդիման գտնուած են հայորդիները ռուսական վարչակարգին տակ ապրած տարիներուն, երբ եկեղեցի չէին կրնար երթալ, որովհետեւ արտօնուած չէր (մոռցա՞ն), երբ բազում տառապանքներուն, արգելքներու եւ մութ օրերու ենթակայ էին: Մանաւանդ այսօրուան իշխանութեան վրայ եղողները արդեօք չե՞ն գիտեր այս բոլորը. իրենց մեծերն ալ եկած էին այդ շրջաններէն, սակայն անոնք չէին կրնար իրենց տխուր կեանքը պատմել իրենց զաւակներուն, գիտէ՞ք` ինչո՛ւ:
Սփիւռքահայը տարիներ շարունակ չարչարուած է օտար պետութիւններուն բացատրելու մեր անմարդկային պատմութիւնները եւ մեր արդար իրաւունքը պահանջել, ոչ միայն այդ ափ մը հողը, այլ` մեր կորսնցուցած Արեւմտահայաստանը: Սակայն այսօր կը լսենք, որ առանց նախապայմանի, սիրայօժար կերպով կը հիւրընկալեն թշնամին: Արդեօք չե՞ն մտածեր, որ Հայ դատի տասնամեակներու աշխատանքը եւ պայքարը այսպիսով ջուրը կը թափեն, կ՛ոտնակոխեն իրենց եղբայրներուն տարած մեծ ու երկարամեայ գործունէութիւնը:
Սիրելի՛ Հայաստանի զաւակներ,
Հաւատացէք` սրտցաւ կը գրեմ այս տողերը, մի՛ վստահիք անոնց կեղծ խոստումներուն, մենք շատ միամիտ եղած ենք եւ հաւատացած ենք բոլորին, ատոր համար է, որ հասած ենք այս օրերուն: Համբերութեամբ կը սպասենք այն օրուան, երբ պիտի միանանք եւ մէկ բռունցք պիտի դառնանք Աստուծոյ կամքով:
ՀՌԻՓՍԻՄԷ



