Հետեւելով բազմաթիւ ֆետերասիոններու օրինակին` լողարշաւի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՆԱ) իր կարգին պատժական տնօրինումներ որդեգրեց Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ դէմ:
Յայտարարուեցաւ, որ ռուսական զինուած ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման պատճառով, Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ լողորդները հեռացուեցան միջազգային բոլոր տեսակի մրցումներուն մասնակցելու իրաւունքէն:
Այս որոշումը ի զօրու է մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2022, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ 18 յունիսէն 3 յուլիս Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի լողարշաւի ախոյեանութիւնը:


