Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջին Բանաստեղծութիւն

April 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Այս մէկը` մասիսածին քերթող, հայութիւնը փողահարող, Եղեռնի ժանգը ոսկէ ծնծղայի վերածող սփիւռքի հայատրոփ ու հայամրմուռ բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանին գրած վերջին բանաստեղծութիւնն է: Հարիւր մէկ տարեկան էր. բնագիրը ղրկած էր ինծի, որպէսզի ուղարկեմ թերթերու:

Եթէ այս օրերը տեսնէր, ինչե՜ր պիտի գրէր. գիշեր-ցերեկ պիտի պայքարէր: Երկինքի մէջ հիմա թեւատարած կ՛աղօթէ: Արդէն յիշեցուցած ըլլալու է Աստուծոյ, թէ քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ցեղն է, որ կը խաչուի հիմա, իսկ պիղատոսները շա՜տ են: «Ես Քեզի ծառայեցի եւ փառաբանեցի ամբողջ կեանքս,- կ՛ըսէ,- մեր ազգը գեղեցկագոյն տաճարներն ու շարականները նուիրած է Քեզի, իսկ անոնք միածին են ու բազմաթիւ: Հա՛յր Աստուած, Դուն պէտք է անյապաղ փրկես մեր ազգը, մեր հայրենաւանդ հողը` իր արտաքին եւ ներքին բոլո՜ր թուրքերէն»:

Ամէն:

Փախչիլ Չկա՛յ  Քեզի,  Ո՛վ  Թուրք

Փախչիլ չկա՛յ քեզի, ո՛վ Թուրք, այլ կը սպասէ քեզի միա՛յն
Դատաստան մը այն մահաբեր օրուան համար յանկարծահաս,
Երբ ժողովուրդ մը, որ հա՛յն էր բարի, խելօք ու շինարար,
Դո՛ւրս նետեցիք իր մայր տունէն, դո՛ւք նստաք հոն` տէ՛րը որպէս:

Փախչիլ չկա՛յ… Ո՛ւր ալ ըլլաս, քեզ հալածեն եւ քեզ որսան
Պիտի էջերն բազմալեզու մատեաններուն եղեռնագիր
Ինչպէս նաեւ արիւնլուայ յիշատակը ԱՊՐԻԼ 24-ի,
Որ կախուած է գլխուդ վերեւ սուրի նման դամոկլեան:

Եւ արդէն ո՞ւր կրնաս փախչիլ, երբ վերն` Աստուա՛ծ արդարադատ,
Վա՛րն, հա՛յը կայ պահանջատէր` վկաներով լուռ, բայց խօսուն.
– Տէր Զօ՛րը կայ հայաջինջ ու Եփրա՛տը հայասպան,
Հայաստա՛ն կայ արեւմտեան` քաղաքներով հիմնայատակ,

Այգիներո՛վ այրիացած եւ տուներո՛վ որբացած,
Խորաններո՛վ խողխողուած եւ խաչերո՛վ խոշտանգուած:
Երբ բազմագոյն մեղքերըդ այս կուտակուած են խիղճիդ վրայ,
Ինչպէ՞ս կրնաս անհետ խո՛յս տալ` անոնց համար չզղջացած:

Մինչեւ զղջումդ աւետաբեր, պիտի մնաս բանտարկուա՛ծ`
Անփշրելի շղթաներուն մէջ բազմապիսի պարտքերուդ
Որմէ փախչիլ պիտի չըլլա՛յ քեզի մինչեւ որ գաս ծունկի՛.
Փախչիլ չկայ հազա՛ր երբեք, այլ դատաստան լոկ երկնառաք:

Փախուստ չկա՛յ, փախչիլ չունիս երազի՛ մէջ իսկ, ո՛վ Թուրք
Խուժդուժ դժոխք տեղացուցիք կեանքին վրայ հայոց անմեղ,
Մինչեւ ազատ թողուին եւ հայ երկինքին մէջ կրկին թռչին
Եռագունեան ծիծեռնակներն Արարատին շղթայակապ:

Փախչիլ չկայ, որովհետեւ դատաստա՛ն կայ ոճիրներուդ,
Որոնց արդար մահավճռէն դուն ազատիս պիտի մի՛այն
Երբ բնակիչ բնիկ հայուն ե՛տ դարձնես քու իսկ կորզած
Անիները բազմապատիկ եւ Զուարթնոցը մէկ-հատիկ:

Մինչ հաւատքի եւ յոյսի բորբ լամբերով մենք` Սփիւռք պանդուխտ
Ե՛ւ գաղթածին, միշտ կը սպասենք,- օ՜, վերջապէս պիտի ցաթի
Պայթի, խնդայ ու որոտայ ռմբոտ Արեւն Արդարութեան
Ու պիտի մենք վերադառնանք հայրենաւանդ հողերը մեր,

Կրկին նստինք մեր սուրբ տուները գողցուած ու դեռ խաչուա՜ծ`
Տանուտէ՛րը որպէս իրաւ եւ բնակի՛չը դարաւոր,
Անխախտելի, անքանդելի Մասիսներուն պէս մեր երկու:
Փախուստ չկա՛յ քեզի բացի երբ հայունը ե՛տ տաս հայուն,

Փախչիլ չկա՜յ, ո՛վ թուրք, բացի յանձնումովը
Հայաստանին WILSONեան:

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Դեկտեմբեր 2016  –  յունուար 2017

Նախորդը

Կրիայի Եւ Նապաստակի Խաղ

Յաջորդը

«Դրօշակի Պատերազմը»

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.