Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Պատերազմը Նոր Պաղ Պատերազմի Դարաշրջանը Կը Բանայ» Կ՛ըսէ Քալըն

April 20, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ սկսած պատերազմը աշխարհի վրայ լուրջ փոփոխութիւններու պիտի յանգեցնէ. աշխարհը կը թեւակոխէ Պաղ պատերազմի նոր դարաշրջան, եւ մենք պէտք է պատրաստուինք ատոր հետեւանքներուն: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին Պոլսոյ նախագահական Տոլմապահչէ նստավայրին մէջ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն:

Անոր համաձայն, նոր իրողութիւնները պիտի ազդեն բազմաթիւ ոլորտներու վրայ, ներառեալ սնունդը, ուժանիւթը, համացանցային անվտանգութիւնը եւ այլն:

Քալըն յիշեցուցած է Անգարայի խաղաղապահ ջանքերը Սեւ ծովու հիւսիսին մէջ պատերազմին վերջ տալու ուղղութեամբ: Ատոր վառ վկայութիւնը դարձած են Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչներու հանդիպումները Անթալիոյ եւ Պոլսոյ մէջ:

Քալընի համաձայն, Պոլսոյ մէջ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ պատուիրակութիւններու հանդիպումէն ետք շատերը խաղաղութեան յոյս ունէին, սակայն յետոյ կացութիւնը դարձեալ բարդացաւ:

Ան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն պատժամիջոցներու վրայ, որոնք նախապէս կիրարկուած են Թուրքիոյ դէմ` ի պատասխան «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման:

«Մենք պէտք է մօտեցնենք մեր դիրքորոշումները, մինչդեռ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներու նկատմամբ սահմանափակումները կը հակասեն գործընկերութեան ոգիին», ընդգծած է Քալըն:

Ամերիկացի ծերակուտական Ռիչըրտ Շելպի իր կարգին Թուրքիան կոչած է «Միացեալ Նահանգներու նշանակալի բարեկամ»:

«Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու համար շատ կարեւոր բարեկամ է, եւ մենք այստեղ ենք` աջակցելու այս բարեկամութեան առեւտուրի, դիւանագիտութեան եւ պաշտպանական կապերու ծիրին մէջ: Թուրքիան եղած է եւ կը մնայ ՕԹԱՆ-ի հաւատարիմ անդամ. ասիկա այն է, ինչ որ մենք կը յարգենք», ըսած է քոնկրեսականը:

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ. Փութին Եւ Փաշինեան Ընդգծած Են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ծիրին Մէջ Ներուժի Եւ Փորձի Օգտագործման Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.