Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ս. Զատկուան տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները, յատկապէս քրիստոնեաները` շեշտելով, որ Ս. Զատիկը ուսանելի դասեր քաղելու տօն մըն է, որ կ՛անդրադառնայ զոհողութեան, յոյսի, յարութեան եւ փրկութեան արժէքներուն:
«Գողգոթայի ճամբան կ՛աւարտի ատելութիւնը ջնջելով, սէր տարածելով եւ միասնականութեան արմատները ամրացնելով, որպէսզի Աստուծոյ սէրը մարդուն ատելութեան հետ համահաւասար չնկատուի, իսկ հայրենիքին նկատմամբ սէրը հաւատքէն կը ծնի», ըսաւ Պըրրի:
Միւս կողմէ, Պըրրի անցեալ շաբաթավերջին հովանաւորեց Լիբանանի մէջ Համասի եւ Ֆաթհի միջեւ հաշտութեան գոյացումը:
Անոնց միջեւ յարաբերութիւնները խզուած էին Սուրի Պըրժ Շիմալի պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն ընթացքին չորս զոհեր արձանագրուելուն պատճառով:


