Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ահա Ես Նոր Բան Մը Պիտի Ընեմ»

April 15, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Ու հին բաները միտքերնիդ մի՛ բերէք: Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ» (Եսայեայ 43: 18-19):

«Ան, որ լալով կ՛երթայ` ցանելու սերմը տանելով, անշուշտ ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ` իր ցորենի խուրձերը բերելով» (Սաղմոս 126:6):

«Ետեւի եղածները մոռցած եմ ու առջեւի եղածներուն կը դիմեմ. նպատակը դիտելով դէպի Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերջին կոչումի մրցանակին կը վազեմ» (Փիլիպեցիս 3:13-14):

Եսայի մարգարէն կը մարգարէանայ հրեայ ժողովուրդին ազատագրումը կանխատեսելով: 587-582 (Ք Ա) տարիներուն Եհովան Նաբուգոթոնոսոր թագաւորին միջոցով կործանեց Երուսաղէմը եւ հրեայ ժողովուրդը աքսորեց Բաբելոն: Եհովան հիմա կը խօսի նոյն ժողովուրդին ազատագրումին եւ հայրենիք վերադարձին մասին: Հոս մէջտեղ կու գայ Եհովային ուժը, «որ զօրաւոր ջուրերու մէջ շաւիղ կը բանայ» (Եսայեայ 43:16): Եհովան ամենակարող է, «որ կառքն ու ձին, զօրքը եւ հզօրութիւնը կը հանէ» (Եսայեայ 43:17):

Եհովան կը խոստանայ ազատագրել հրեայ ժողովուրդը եւ վերադարձնել զայն հայրենիք: Ան կը յորդորէ իր ժողովուրդը` ըսելով. «Հին բաները միտքերնին չբերեն» (Եսայեայ 43:18): Անցեալը վերջացած է, եւ` «Նոր բան մը պիտի ընեմ»: Իսկ նո՞րը: Այն, որ Եհովան Քրիստոս կերտեց: Այս նորի իրականութեան մէջէն է, որ Աստուածաշունչի երկու կտակարանները կը միանան եւ զիրար կ՛ամբողջացնեն: Այս նորը, որ խոստացուեցաւ Հին կտակարանին մէջ, եւ որ իրականացաւ նորին` Քրիստոսի աշխարհ գալով, անոր մահուամբ եւ յարութեամբ:

Նորը միշտ դիւրին չէ, ոչ ալ` Աստուծոյ խոստացած ազատագրում-փրկութիւնը: Աստուծոյ յայտնութիւնը` մարդուն եւ հաւաքականութեան, եւ անոնց փրկութիւնը կրնան ունենալ տարբեր միջոցառումներ` մեկնելով մարդուն եւ հաւաքականութեան ապրած  ու ապրող կեանքի փորձէն ու փորձառութենէն: Հիմնական կը մնայ Աստուծոյ խոստումը. «Անապատի մէջ ջուրեր եւ անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի տամ» (Եսայեայ 43:20): Աստուած կը խոստանայ իր ժողովուրդին կեանքը վերածել կանաչ եւ ապրող իրականութիւններու: Այս իրականացաւ, երբ` «Տէրը Սիոնի գերութիւնը դարձուց, երազ տեսնողներու պէս եղանք» (Սաղմոս 126:1): Ազատագրութիւնը-փրկութիւնը, որ «երազ» մըն էր, իրականացաւ:

Այս երազը իրականութիւն դարձնելը եւ անոր հասնիլը ունի իր գինը: Իսկ գի՞նը: 126-րդ սաղմոսին մէջ կը յիշուի աշխատանք մը, որուն մէջ կայ լաց. «Ան, որ լալով կ՛երթայ` ցանելու սերմը տանելով» (սաղմոս 126:6): Այս նեղութեան ու աշխատանքի արգասի՞քը: Աստուած կը խոստանայ, որ մարդը` «ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ` իր ցորենի խուրձերը բերելով» (սաղմոս 126:6): Եթէ աշխատանքին մէջ կայ նեղութիւն, բայց այդ նոյն նեղութիւնը կ՛արտադրէ նորը: Իսկ նորը, ինչպէս սաղմոսին մէջ կը յիշուի, «խուրձերը», որոնք կը բերուին, իմա կը շինուին, աշխատանքի եւ կեանքի արդիւնք են:

Քրիստոս նորը շինեց մէկ կողմէ նեղութեամբ,  բայց նոյնքան նաեւ` աշխատանքով եւ մարտնչելով: Ան խոստացաւ, որ` «Ինքն է ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յովհաննու 14:6): Եթէ ան մեզի եւ աշխարհին խոստացաւ նոր կեանք, բայց Ան երբեք չըսաւ, որ նոր կեանքը դիւրին է: Ան ապրեցաւ նեղութիւնը, որպէսզի իր խոստացածը իրականացնէ: Եթէ խաչին վրայ Ան չարչարուեցաւ եւ մահացաւ, այսինքն  նեղութիւնը, որ կրեց, այս բոլորը կը ներկայացնեն Քրիստոսի ապրած իրական կեանքը այս աշխարհի վրայ:

Քրիստոս նաեւ կրեց զրկանք, արհամարհանք, նախատինք եւ աւելին: Նեղութեան եւ չարչարանքի ու արհամարհանքի մէջէն Քրիստոս նոյնքան նաեւ տքնեցաւ եւ մարտնչեցաւ: Մահէն ետք, երբ երեք օրեր գերեզման մնաց, ան պայքարեցաւ մահուան, չարին եւ մեղքին դէմ: Եթէ մէկ կողմէ ակնյայտ է Քրիստոսի ապրած նեղութիւնը, նոյնքան նաեւ` պայքարը: Քրիստոսի պայքարը նորը շինելու մէջ էր: Քրիստոսի յարութիւնը` յաղթանակը մահուան դէմ, ապացոյց էր, որ ան յաղթեց մեղքին` հինին, եւ շինեց նորը մեր իւրաքանչիւրին համար: Առանց նեղութեան, չարչարանքի, աշխատանքի եւ պայքարի` կարելի չէ, որ մարդուն եւ հաւաքականութեան մէջ նորը շինուի: Աստուծոյ խոստումը, որ` «Նոր բան մը պիտի ընեմ», չի գար դիւրին եւ աժան: Հոն կայ նուիրում եւ աշխատանք: Նոյնքան նաեւ` զրկանք եւ նեղութիւն:

Քրիստոսի շնորհած նորի խոստումը ունի պարտաւորութիւն եւ զոհողութիւն: Եթէ հրեայ ժողովուրդը ապրեցաւ զոհողութիւնը եւ գիտակցեցաւ իր պարտաւորութեան, բայց նաեւ իւրաքանչիւրս այսօր պարտինք ընել նոյնը: Պէտք է տեսնել, թէ նորը, որ մեզի շնորհուեցաւ, ոչ միայն պէտք է պահել մեր անձնական կեանքին համար, բայց նաեւ կերտել եւ սատարել հաւաքական եւ ընդհանրական կեանքերուն համար: Այս գործընթացը  ունի աշխատանք, որուն մէջ կայ նեղութիւն: Ու տակաւին, եթէ պիտի պահենք եւ շինենք նորը, կարելի չէ, որ` «Հին բաները մեր միտքը բերենք»: Նորը պիտի պահանջէ նոր տեսլական, նոր գործելաոճ եւ նոր կեանք:

Պօղոս առաքեալ յստակ կերպով կը բնութագրէ, թէ ինչպէ՛ս քրիստոնեան պէտք է ապրի իր կեանքը այս նորի գիտակցութեան մէջէն: Ան  այսպէս կը յորդորէ. «Ետեւի եղածները մոռցած եմ» (Փիլիպեցիս 3:13): Իսկ ետեւի եղածնե՞րը: Ան չի խօսիր եւ չ՛ակնկալեր, որ պէտք է մոռնալ ինքնութիւն, ազգ եւ մշակոյթ: Ան կը խօսի  անցեալի կեանքին մասին եւ կ՛ակնարկէ անոր` իր ձախողութիւններով եւ յաջողութիւններով: Կարելի չէ, որ մարդ եւ հաւաքականութիւն ապրին իրենց ձախողութիւններուն եւ անոնց ստեղծած ճնշումով եւ յուսահատութեամբ: Կարելի ալ չէ, որ մարդ եւ հաւաքականութիւն  բաւականանան իրենց անցեալին ձեռք բերած յաջողութիւններով եւ մնան անոնց մէջ` ստեղծելով հանգստեան գօտի մը: Պօղոս առաքեալ կը խօսի անցեալի կեանքի ապրած փորձը «մոռնալու» գրաւականով,  փորձը` իր ձախողութիւններով եւ յաջողութիւններով: Պօղոս առաքեալ հոն ալ չի մնար: Ան կը մղէ քրիստոնեան, որ «առջեւի եղածներուն դիմէ» (Փիլիպեցիս 3:13): Իսկ ի՞նչ կայ առջեւը, որուն արժէ հասնիլ:

Նորն է: Նորը շինելու, կերտելու եւ զարգացնելու համար: Պօղոս առաքեալ այս նոյն հասկացողութիւնը կը նոյնացնէ մրցանակի: Այն իրականութիւնը, որուն համար ան կը տքնի,  Քրիստոսի շնորհած նոր կեանքի մրցանակն է: Նոր կեանքը, որ իրականացաւ Իր չարչարանքով, մահուամբ եւ յարութեամբ:

Քրիստոս իր յարութեամբ շինեց նորը: Այս նորը ան շինեց կրելով ամէն զրկանք, նեղութիւն եւ մահ:

Բայց հոն կանգ չառաւ: Ան պայքարեցաւ եւ աշխատեցաւ, որպէսզի յաղթէ մահուան եւ նորը շինէ: Այս նորը մեր կեանքերուն իմաստ տուող եւ արժեւորող մրցանակն է: Մրցանակ մը, որ պէտք է դառնայ մեր կեանքին նպատակակէտը:

Ո՞ւր ենք` որպէս անհատներ, ընտանիքներ, հաւաքականութիւն, հայ ժողովուրդ եւ պետականութիւն այս նոր տեսլականին, իմա մրցանակին հասնելու գիտակցութեան մէջ:

Հայ ժողովուրդին ներկայ օրերու տուեալներուն մէջ կան բաւական նմանութիւններ հրեայ ժողովուրդին ապրած նեղութիւններուն հետ: Հայը, յատկապէս 44-օրեայ արցախեան պատերազմէն ետք, կ՛ապրի ճգնաժամը, նեղութիւնը: Ան ապրեցաւ տառապանքի ու ցաւի փորձառութիւնը: Ու տակաւին` մահը: Ներկայի օրերը նոյնքան անյստակ եւ բախտորոշ են:

Այս բոլոր իրավիճակներուն մէջէն արժէ կառչիլ եւ հաւատալ Աստուծոյ խոստումին. «Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ»: Այն նորը, զոր Քրիստոս շինեց ինծի, քեզի եւ իւրաքանչիւր հայուն եւ համայն աշխարհին համար: Աստուած կ՛ուզէ, որ հայը անդրադառնայ այս «նոր»-ը շինելու գիտակցութեան եւ անոր գործընթացին: Հայը պէտք է անդրադառնայ, որ անհրաժեշտ է «ետեւի բաները մոռնալ»: Բայց` ոչ միայն այդ, այլ աշխատի ու տքնի եւ «մրցանակին համար վազէ»: Մրցանակը, որ կը շինէ ու կը հաստատէ նոր կեանքը:

Այս մրցանակը աժան չի գար, եւ դիւրին ալ չէ անոր հասնիլը: Հոն կայ նեղութիւն, տառապանք, չարչարանք, մահ, բայց նաեւ` պայքար եւ մարտնչելու հոգի եւ տրամադրութիւն: «Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ»: Նորը ընելու համար պիտի համոզուինք, որ պէտք է տքնիլ, բայց նաեւ` մարտնչիլ, որպէսզի մրցանակին հասնինք: Այս մրցանակն է, որ պիտի շինէ մեր անհատական, հաւաքական եւ հայրենի կեանքերը:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:

Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի:

Յարութիւնը «նոր բան մը ընելու» խոստումն է, որ իրականացաւ: Արժէ, որ հայը այս խոստացուած ու  իրականացած «նոր բանը» ապրող  իրականութիւն դարձնէ իր կեանքին համար: Եթէ հայուն կեանքը այսօր դժուար է, բայց կայ Աստուծոյ խոստումը, որ իրականացաւ, երբ ան ըսաւ. «Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ»:

Այս «նոր բան»-ն է, որ պիտի ապրեցնէ հայը:

Քուէյթ, 11 ապրիլ  2022

 

 

 

Նախորդը

Գիտնականները Ըսին Ինչպէս Լուծել Կլիմայական Ճգնաժամը. Արդեօ՞ք Աշխարհը Կը Լսէ

Յաջորդը

Վաղը Մեր Զատիկն Է…

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.