Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Կլիմայի փոփոխութեան հարցերով միջկառավարական յանձնախումբի (IPCC) նոր զեկոյցը ոչ միայն յոյս կը ներշնչէ, այլեւ գործնական լուծումներ կ՛առաջարկէ: Կառավարութիւնները, որոնք ստորագրած են այդ, այժմ պէտք է գործեն:
Ուքրանիոյ պատերազմի եռապատիկ տագնապի, տակաւին սպառնացող համաճարակի եւ սղաճի պայմաններուն մէջ կլիմայագէտները նոր իրականացուցած են իսկապէս տպաւորիչ նուաճում: Անոնք ամուր կանգնած են եւ համոզած աշխարհի կառավարութիւնները` համաձայնիլ կլիմայական արտակարգ իրավիճակի լուծման ընդհանուր ուղեցոյցի մը շուրջը:
Հակառակ համաշխարհային աճող խնդիրներու յուսահատութեան` յանձնախումբի վերջին զեկոյցին հրապարակումը յոյսի որոշ հիմքեր ցոյց կու տայ:
Կլիմայի փոփոխութեան պատճառներու եւ հետեւանքներու վերաբերեալ վերջին զեկոյցներէն ետք այս մէկը կ՛ընդգրկէ լուծումները` աշխարհի կառավարութիւններու կողմէ ստորագրուած ամփոփագիրով:
Ամփոփումը պարզ է, եւ բազմաթիւ տեղերու մէջ կ՛ընդունին այն իրողութիւնները, որոնք գիտնականներն ու արշաւին մասնակիցները գիտէին տարիներ շարունակ, բայց կառավարութիւնները յաճախ կը խուսափէին ուղղակի ընդունելէ:
«Մենք կրնանք դիմակայել կլիմայի փոփոխութիւնները, եթէ մեծ քարիւղը դուրս գայ ճամբէն». Կլիմայի փոփոխութեան հարցերով միջկառավարական յանձնախումբ
Նախ յստակ կ՛ընդունուի, որ Հիւսիսային Ամերիկան եւ Եւրոպան ամէնէն մեծ ներդրումը ունեցած են այն ճգնաժամին մէջ, տրուած ըլլալով, որ մենք կ՛ապրինք արտադրելով ճարտարարուեստական յեղափոխութենէն ի վեր ամէնէն շատ թունաւոր կազի արտանետումները:
Զեկոյցը ցոյց կու տայ, որ Հիւսիսային Ամերիկայի բնակիչները այսօր հանածոյ վառելանիւթի օգտագործմամբ ամէն տարի միջին հաշուով կ՛արտանետեն 16 թոն թունաւոր կազ, միջին ափրիկեցիի միայն 2 թոնի դիմաց:
Տնային տնտեսութիւններու առաջին 10 առ հարիւրին սպառումը կը կազմէ համաշխարհային ջերմոցային կազերու աւելի քան մէկ երրորդը` համեմատած տնային տնտեսութիւններու ստորին 50 առ հարիւրին համար այդ կազերու 15 առ հարիւրին հետ:
Այժմ իւրաքանչիւր կառավարութիւն կը համաձայնի, որ կլիմայական ճգնաժամը պայմանաւորուած է անով, թէ ինչպէ՛ս աշխարհի հարուստները` Բրիտանիոյ բնակչութեան մեծ մասը, ներկայիս կ՛ապրի, կը սպառէ եւ ներդրումներ կ՛ընէ:
Այս մեծ թռիչք է նախորդ զեկոյցներու (մանաւանդ 2014 թուականի) համեմատ, ուր կային վտանգաւոր թիւրիմացութիւններ, որոնք այժմ վերացած են:
Նոր զեկոյցը հրաշալիօրէն նոյնպէս կը պարզէ, թէ որքա՛ն հեռու են կառավարութիւնները կատարելէ 2015 թուականին Փարիզի համաձայնագիրով ստորագրուած եւ անցեալ տարեվերջին Կլասքոյի մէջ վերահաստատուած իրենց պարտաւորութիւնները: Հակառակ Բրիտանիոյ կառավարութեան Կլասքոյի մէջ «1,5-ը կենդանի պահելու» մասին խօսակցութիւններուն` ներկայիս կլիմայական քաղաքականութիւնները եւ խոստումները չեն սահմանափակեր համաշխարհային ջեռուցումը մինչեւ 1,5 օC-ով բարձր նախաճարտարարուեստական մակարդակէն, կամ այն կը պահէ «շատ ցած» 2 օC.-էն` Փարիզի կրկնակի թիրախներէն:
Հակառակ կլիմայական գիտութեան բարդութիւններուն` մեր ընթացքը սարսափելի պարզ է տեսնելու համար. մենք ներկայիս կը գտնուինք աղէտալի 3 օC ջեռուցման ուղիի վրայ: Աշխարհի մը մէջ, ուր անոր բնակչութեան կէսը խիստ խոցելի է կլիմայական ճգնաժամի նկատմամբ, այդ աղէտ կը նշանակէ:
Ծայրայեղ ջերմային ալիքները, ջրհեղեղները եւ երաշտները, որոնք հեռու են քաղաքներու եւ աւաններու սովորական հանդուրժողականութենէն, կը կործանեն կեանքերն ու ապրուստը ամբողջ աշխարի մէջ:
Երկրագործութեան ձախողութեան, գաղթի եւ տնտեսական խանգարումներու հետեւանքները կրնան ծանրաբեռնել քաղաքական հիմնարկները եւ զարգացող իրադարձութիւններուն արձագանգելու մեր կարողութիւնները:
Եթէ այդ ճնշող կը թուի, յոյսի պատճառ կայ:
Կառավարութիւնները կը պատկանին այս զեկոյցին: Անոնք հաստատած են զայն եւ ստորագրած են: Անոնց քաղաքացիները այժմ կրնան զանոնք պատասխանատուութեան ենթարկել այն ձախողութիւններուն համար, որոնց մասին ան կը մանրամասնէ:
Զեկոյցին ամէնէն ոգեշնչող բաժինը հանածոյ վառելանիւթի գործածութեան այլընտրանքներուն կը վերաբերի:
Մեր ուժանիւթային կարիքներու ընդհանուր լուծումն այն է, որ ելեկտրականացուին այն բոլորը, որոնք մենք կրնանք` շէնքերու ջեռուցումէն մինչեւ փոխադրամիջոցներ, եւ ուժանիւթով սնուցելով ամէն բան` գործածելով մաքուր վերականգնող աղբիւրներ եւ պահեստաւորում:
Մենք հսկայական օգնութիւն կը ստանանք մաքուր արհեստագիտութիւններու ասպարէզին մէջ մեծ թռիչքներէն:
2010-2019 թուականներուն զեկոյցին մէջ կ՛ըսուի, որ արեւային ուժանիւթի արժէքը նուազած է 85 առ հարիւրով, քամիի ուժանիւթը` 55 առ հարիւրով, իսկ լիթիում-իոնային մարտկոցները` 85 առ հարիւրով: Ասոնք ապշեցուցիչ թիւեր են, որոնք կը վկայեն արմատապէս վերափոխուած ուժանիւթային ապագայի մասին: Տառապանքներու ցունամիի հետ, որ կը պատրաստուի կլանել Բրիտանիոյ տնային տնտեսութիւնները կազի գիներու աճին պատճառով, կառավարութեան բոլոր անդամները պէտք է տեսնեն այս ուղերձը:
Կայ աւելի աժան, մաքուր ճամբայ:
Սակայն արտանետումներու խնդիրը աւելի խոր է, քան` պարզապէս ցած ածխածնային այլընտրանքներուն մէջ ներդրումներ կատարելու ձախողութիւնները:
Աշխարհ արդէն ունի բաւականաչափ գոյութիւն ունեցող եւ ծրագրուած բարձր ածխածնային ենթակառոյց` 1,5 օC-ն գերազանցելու համար: Մեծ արտանետումներու հեռացում, ինչպիսիք են ածուխով աշխատող ելեկտրակայանները, անհրաժեշտ է:
Բացի ատկէ, ծրագրուած նոր նաւթային հանքավայրերը եւ օդակայանները, որոնք կը խոչընդոտեն բարձր արտանետումները, պէտք է չեղեալ յայտարարուին:
Այս զեկոյցը, ըստ էութեան, հանածոյ վառելանիւթի դարաշրջանին վերջ տալու յայտարարութիւն է: Այդ կ՛օգնէ մարդոց աճող զանգուածին, որ կը պայքարի հանածոյ վառելանիւթի ճարտարարուեստին դէմ բազմաթիւ ճակատներու մէջ, բայց յատկապէս անոնց, որոնք կ՛օգտագործեն պաշտօնական ուղիներ, օրինակ` պատգամաւորները, որոնք լոպիական աշխատանք կ՛իրականացնեն, որպէսզի կառավարութիւնը քարիւղի նոր հանքավայրեր չբանայ, իրաւաբաններ եւ քաղաքացիներ, որոնք դատարան կը տանին երկիրներն ու ընկերութիւնները, կամ արդարացնողները, ուղղակի գործողութիւններ` կանգնեցնելու բարձր ածխածնային ենթակառոյցներու կառուցումը:
Կլիմայական գործողութիւններու արտօնագիրը երբեք աւելի ուժեղ չէ եղած:
Զեկոյցին մէջ նոյնպէս կան տարրեր, որոնք կը գործածուին հանածոյ վառելանիւթի ճարտարարուեստի կողմէ կլիմայական գործողութիւններու հետագայ յետաձգման համար: Ատոր առանցքային նշանակութիւնը մթնոլորտէն թունաւոր կազի հեռացման քննարկումն է:
Անոնք, որոնք կ՛աշխատին սովորական առեւտուրի վրայ, կը պնդեն, որ այս դարավերջին մենք կը կարողանանք օդէն ածխածինը ծծել, ուրեմն ինչո՞ւ այսօր անհանգստանալ եւ կարելի եղածին չափ կտրուկ կրճատել արտանետումները:
Զեկոյցին մէջ պատասխանն այն է, որ ածխածինի հեռացումը` «Ներկայիս կը բախի արհեստագիտական, տնտեսական, հիմնարկային, կենսոլորտային-բնապահպանական եւ ընկերային-մշակութային խոչընդոտներու»:
Զեկոյցին մէջ իրաւացի կ՛ըսուի, որ անհրաժեշտ է ածխածինի որոշ հեռացում, բայց այդ երբեք պէտք չէ ըլլայ արտանետումներու կրճատման այլընտրանք:
Ատիկա պարզ կը դարձնէ, թէ որքա՛ն անիրատես են ածխածինի հեռացման շատ բարձր ուղիները, աւելի ուժեղ, քան երբեւէ:
Անոնց համար, որոնք աշխատած են աւելի լաւ կլիմայի համար, ամբողջական 3000 էջնոց զեկոյցը կը պարունակէ ապշեցուցիչ անկեղծ գնահատական` կլիմայական գործողութիւնները խափանելու համար գործածուող կազմակերպուած ջանքերու վերաբերեալ, նշելով` կազմակերպուած եւ համակցուած լայն լոպիինկով»:
Կրնայ զաւեշտական թուիլ, որ այս չ՛ընդգրկուիր շատ աւելի լայն ընթերցուող ամփոփագիրի մէջ, բայց այդ թերեւս զարմանալի չէ:
Հանածոյ վառելանիւթի եւ կառավարութիւններու միջեւ փոխադարձ կապակցուած յարաբերութիւնները կը խորանան. անցեալ շաբաթ, օրինակ, մենք իմացանք, որ «Պրիթիշ փեթրոլիում»-ի (BP) բրիտանական նախկին ղեկավարը պիտի նշանակուի կառավարութեան կողմէ` պաշտպանելու Բրիտանիոյ անցումը ցած ածխածնային տնտեսութեան:
Անցնող իւրաքանչիւր տարի կ՛աւելցնէ հանածոյ վառելանիւթի օգտագործումը դադրեցնելու լրացուցիչ պատճառներ:
Անցեալ տարի պարզ դարձաւ, որ կազի գիները կտրուկ պիտի աճին` ազդելով միլիոններու վրայ:
Աւելցուցէ՛ք քաղաքային օդի ապականութեան վերջ դնելը եւ հարիւրաւոր միլիոնաւոր մարդիկը տաքէն, երաշտէն եւ ջրհեղեղներէն զերծ պահելը: Իսկ գինը` յաւելեալ ներքին աճի քանի մը տոկոսի ներդրում եւ որոշ նոր օրէնսդրութիւն:
Կլիմայի փոփոխութիւնը կրնայ բարդ թուիլ, բայց Կլիմայի փոփոխութեան հարցերով միջկառավարական յանձնախումբը քրտնաջան աշխատած է այն մեզի համար պարզեցնելու:
Մինչեւ 2030 թուականը արտանետումները կիսով չափ կրճատելու եւ մինչեւ 2050 թուականը զուտ զերոյի հասնելու ճամբայ կայ, որ հաւանաբար կը համապատասխանէ 1,5 օC նպատակին:
Այդ յուսադրող ուղերձ է:
Այժմ խնդիրը ասիկա իրական դարձնելն է:
«Pinterest»-ը Պիտի Արգիլէ Կլիմայի Մասին
Ապատեղեկատուութիւնը
«Pinterest-ը կը հաւատայ մեր հարթակը օգտագործողներուն համար վստահելի եւ ճշմարիտ տարածք ստեղծելուն», ըսաւ ընկերութեան քաղաքականութեան ղեկավարը:
Հարթակը պիտի արգելափակէ կլիմայական ապատեղեկատուութիւնը` փորձելով սահմանափակել կեղծ եւ ապակողմնորոշիչ տուեալներու տարածումը:
«Pinterest»-ը լայնօրէն կը սահմանէ ապատեղեկատուութիւնը. ընկերութիւնը պիտի հեռացնէ այն բովանդակութիւնը, որ կը հերքէ կլիմայի փոփոխութեան առկայութիւնը կամ հետեւանքները, կամ անոր պատճառ դարձած մարդկային գործօնները, ինչպէս նաեւ` այն բովանդակութիւնը, որ «կը խեղաթիւրէ գիտական տուեալները», որպէսզի քայքայուի վստահութիւնը բնական աղէտներու եւ եղանակային ծայրայեղ իրադարձութիւններու վերաբերեալ վնասակար, կեղծ կամ մոլորեցնող բովանդակութեան հանդէպ:
«Այս համարձակ քայլը մաս կը կազմէ ընկերութեան ապատեղեկատուութեան ուղեցոյցներու ընդլայնումին, որ մենք առաջին անգամ մշակեցինք 2017 թուականին` անդրադառնալու հանրային առողջութեան ապատեղեկատուութեան, եւ այդ ժամանակէն ի վեր թարմացումներ կը կատարենք` լուծելու նոր յառաջացող խնդիրները, երբ անոնք կը յայտնուին առաջին գիծին վրայ: Pinterest-ի կլիմայի ապատեղեկատուութեան ընդլայնուած քաղաքականութիւնը յաւելեալ քայլ է` ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարելու եւ ստեղծելու առցանց անվտանգ տարածք», ըսած է Սառա Պրոմա, ընկերութեան քաղաքականութեան պատասխանատուն:
Ընկերութիւնը տարիներ շարունակ ջանքեր գործադրած է ընկերային ցանցերու իր հասակակիցներէն առանձնանալու` բովանդակութեան ուղեցոյցներով, որոնք կը փորձեն սահմանափակել ապատեղեկատուութեան տարբեր դասակարգերը: Մինչ Ֆէյսպուքի հիմնադիր Մարք Զուքերպըրկ յստակօրէն կը պնդէր, որ արհեստագիտական ընկերութիւնները պէտք չէ զբաղին լուրերու ճշգրտութիւնը դատելու հարցով, Pinterest-ը կը հաստատէ ընդհանուր դիրքորոշում, որ վտանգաւոր կամ վնասակար տեղեկութիւնները ողջունելի չեն իր հարթակին վրայ:
Pinterest-ը նաեւ ամբողջովին արգիլած է ապատեղեկատուութեան տարբեր ձեւերը` թոյլ չտալով օգտատէրերուն պատուաստումներու կամ «Քորոնա» ժահրի մասին կեղծ տեղեկութիւններ հրապարակել, միտումնաւոր սահմանափակելով իր սեփական գործիքները: Այն օգտատէրերը, որոնք կայքէջին վրայ կ՛որոնեն առողջութեան վերաբերեալ բազմաթիւ եզրեր, ինչպէս` «պատուաստներ» կամ «քաղցկեղի բուժումը», սովորական արդիւնքներ չեն ստանար, փոխարէնը` կ՛ուղղորդուին դէպի վաւերական առողջապահական այն խորհուրդները, որոնք հարթակին վրայ տեղադրուած են Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան, Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոններու եւ Պատուաստներու ապահովութեան ցանցին կողմէ:


