Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ մտադիր է 5 տարուան պայմանագրութիւն մը կնքել ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէի հետ` համաձայն գտնուելով անոր տարեկան 50 միլիոն եւրօ աշխատավարձ տալ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ արքայական ակումբը ընտրելու պարագային, ան պիտի ստանայ նաեւ 100 միլիոն եւրօ պարգեւավճար մը:
Նախորդ ամառ, ֆրանսական ակումբը հրաժարեցաւ փոխան 180 միլիոն եւրոյի Ռէալին ծախել իր 23-ամեայ ֆութպոլիստը` այն յոյսով, որ կը յաջողի երկարաձգել անոր պայմանագրութիւնը:
Նշենք, որ յունիսին Էմպափէ կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ մը եւ իրաւունք ունի միանալու իր նախասիրած կազմին:


