Ուքրանիոյ մէջ հակառուսական ուժերու հետ սնուցուող բախումը անխուսափելի էր, պարզապէս ժամանակի հարց էր: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին «Վոսթոչնի» տիեզերակայանին մէջ ներքին տիեզերական արդիւնաբերութեան աշխատակիցներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
«Սկսան Ուքրանիան վերածել հակառուսական յենակէտի, այնտեղ սկսան աճեցնել ազգայնականութեան եւ նոր նացիականութեան բողբոջները, որոնք շատոնց կային: Նոր նացիականութիւնը յատուկ աճեցուեցաւ, եւ այդ ուժերուն հետ Ռուսիոյ բախումը անխուսափելի էր, անոնք միայն կ՛ընտրէին յարձակելու ժամանակը», ընդգծած է Փութին:
Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ յատուկ զինուորական գործողութեան նպատակներուն հասնելով Ռուսիան կ՛օգնէ Տոնպասի ժողովուրդին, իսկ միւս կողմէ` «քայլերու կը ձեռնարկէ ինքնին Ռուսիոյ անվտանգութիւնը ապահովելու համար»:
«Ակնյայտ է, որ մենք այլ ելք չունէինք, այդպէս է, եւ կասկած չկայ, որ յատուկ գործողութեան նպատակները պիտի իրագործուին: Նպատակները ամբողջովին հասկնալի են, վեհ են», ընդգծած է Փութին:
«Հիմնական նպատակը Տոնպասի մարդոց օգնելն է, Տոնպասի ժողովուրդը ստիպեց ատիկա ընել, որովհետեւ Քիեւի իշխանութիւնները, Արեւմուտքին կողմէ դրդուած, մերժեցին կատարել մինսքեան համաձայնագիրները, որոնք ուղղուած էին խնդիրներու խաղաղ լուծման», աւելցուցած է նախագահը:


