Միացեալ Նահանգներ բոլոր երկիրներուն կոչ կ՛ուղղեն` զէնք չգնելու Ռուսիայէն, մինչդեռ ռուսական «Էս-400» համակարգերու գնման համար Հնդկաստանի դէմ հաւանական պատժամիջոցներու մասին որոշում տակաւին չէ տրուած: ԹԱՍՍ լրատու գոծակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Հնդկաստանի պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ «2+2» ձեւաչափով երկկողմանի բանակցութիւններէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:
«Մենք կը շարունակենք բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղել` խուսափելու ռուսական սպառազինութեան համակարգեր ձեռք բերելու համար մեծ եւ նոր գործարքներէն, յատկապէս Ռուսիոյ` Ուքրանիոյ մէջ կատարածին լոյսին տակ», ըսած է ան:
«Մենք տակաւին որոշում չենք տուած հաւանական պատժամիջոցներու կամ պատժամիջոցներէն հաւանական բացառութիւններու վերաբերեալ», աւելցուցած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` պատասխանելով «Էս-400»-ի գնման պատճառով Հնդկաստանի դէմ հաւանական պատժամիջոցներու մասին հարցումին:


