Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ա. Սէ. Միլան, որ հիւրը եղաւ Թորինոյին, անոր հետ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ Ա. Սէ. Միլան 68 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` երկու կէտի առաւելութիւն մը ունենալով երկրին գործող ախոյեան Ինթեր Միլանի վրայ, որ մրցում մը նուազ կատարած է:
Իսկ Թորինօ 39 կէտով կը գտնուի 11-րդ դիրքին վրայ:


