Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաւունք Եւ Պարտաւորութիւն` Երեսփոխանական Ընտրութեան Ճամբով

April 11, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ամիս մը մնաց Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Երեսփոխանական ընտրութիւնը ժողովրդավարութիւն կիրարկող երկիրներուն համար քաղաքացիներու կամքի արտայայտութեան ցուցանիշ է: Ընտրութեան միջոցով է, որ քաղաքացիները իրենց քաղաքական, տնտեսական, ընկերային համոզումները գործադրելու ատակ ներկայացուցիչներով կը գոյացնեն ժողով մը, որ ճիշդ ու արդար ընտրութեան պարագային պէտք է դառնայ տուեալ ժամանակաշրջանի քաղաքացիական հանրութեան մանրանկարը:

Ժողովրդավարական սկզբունքներու կիրարկումը յարաբերաբար դիւրին է այն երկիրներուն մէջ, որոնք կը համարուին ազգ-պետութիւններ: Լիբանանը ազգ-պետութիւն չէ: Լիբանան համայնքային երկիր է. անոր քաղաքացիները ունին ազգային տարբեր յատկանիշներ, ուրեմն նաեւ տարբեր շահեր` տարբեր արեւելումներ: Լիբանանի Սահմանադրութիւնը կ՛երաշխաւորէ համայնքներու ազատ գործունէութիւնը, անոնց մշակութային ու ընկերային առանձնայատկութիւններուն պահպանումը: Ընտրութիւնները այնպէս պէտք է կազմակերպուին, որ յարգուի համայնքներու մասնակցութեան պայմանը, որ հիմքն է համագործակցական ժողովրդավարութիւն կոչուած լիբանանեան պետական յատուկ դրուածքին:

Ընտրական օրէնքը պէտք է հաշտեցնէ իրարու հետ ժողովրդավարութիւնն ու համայնքներու մասնակցութեան, անոնց համագործակցութեան պայմանը: Այս հաշտեցումը կարելի դարձնելու համար, կը կիրարկուի իւրայատուկ լուծում մը, որ փխրուն է, որուն ստեղծած հաւասարակշռութիւնը կրնայ դիւրաւ փլուզուիլ, եթէ ճշդութեամբ չկիրարկուի:

Ժողովրդավարութեան ամէնէն նախնական ըմբռնումը կ՛առաջնորդէ որքան քաղաքացի, այնքան կարծիք ձեւաչափին: Այս ձեւաչափը ժողովրդավարական չէ, ամբոխավարական է, որովհետեւ համադրումի միջոցով քաղաքականութեան ձեւաւորումը անկարելի կը դարձնէ:

Ժողովուրդին, երկրին համար օգտակար, պիտանի, հասարակութեան շահը նկատի ունեցող, բոլորին իրաւունքները երաշխաւորող քաղաքականութիւն մշակելու համար անհրաժեշտ է ուսումնասիրել, քննարկել, բաղդատել եւ լուծում առաջարկել: Նման աշխատանք կարելի չէ անհատական ճիգերով կատարել: Այս աշխատանքին համար կը կազմուին կուսակցութիւնները:

Տարբեր մտածողութեան տէր յանձնառու քաղաքացիներ, իրենց նպատակները իրագործելու համար կը համախմբումին տարբեր կուսակցութիւններու մէջ: Անոնք ժողովուրդին ու պետութեան բարօրութեան, բարգաւաճման ու զարգացման ջատագով են, բայց իրարմէ տարբեր ճամբաներով: Հայկական կուսակցութիւնները Լիբանանի մէջ, Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդին, պետութեան ապահովութեան, զարգացման, բարգաւաճման, անոր ամբողջականութեան պահպանման ջատագով են: Միաժամանակ անոնք, թէ՛ Լիբանանի մէջ կիրարկուող համայնքային դրութեան եւ թէ՛ հայ ժողովուրդի մասնայատուկ կացութեան բերումով ունին յաւելեալ, աւելի ծանր պատասխանատուութիւն: Հայկական ինքնութեան պահպանումը եւ անոր արմատաւորումն է ատիկա:

Պետական գործին մասնակցութիւնը ուրեմն ինքնանպատակ չէ: Այս կամ այն պաշտօնի ստանձնումը ինքնին նպատակ չէ: Միջոց է, հարկադիր միջոց` ինքնութեան պահպանման համար ծառայութիւն մատուցելու: Որքան մեծ ըլլայ պաշտօն ունեցողներու թիւը, այնքան կ՛աճի, կը մեծնայ ծառայութիւն իրականացնողներու թիւը, հետեւաբար կը մեծնայ ծառայութեան չափը, քանակն ու որակը:

Երեսփոխանական ընտրութեան ժամանակ պէտք է որոշել, թէ որո՛նք կրնան աւելի լաւ, աւելի ճիշդ, աւելի նպատակասլաց ծառայութիւն մատուցել: Պարզ է ուրեմն, որ այդ ընտրութիւնը հայկական կուսակցութիւններու առաջադրած թեկնածուներուն միջեւ կրնայ ըլլալ միայն: Անոնք են, որ ունին աշխատանքի ու ծառայութեան հայկական օրակարգ: Ուրիշները, որոնց թիւը տարապայման մեծցած է, յարգելի անձնաւորութիւններ են թէեւ, սակայն ունին աշխատանքային օրակարգ մը, որ զիրենք թեկնածու առաջադրողներունն է, մերը չէ, հայութեան հետ, հայ համայնքին հետ, հայ համայնքի լիբանանեան-պետական դերակատարութեան հետ առնչութիւն չունի: Վաղը նոյնիսկ, ո՛վ գիտէ, եթէ պայմանները ստիպեն իրենց, որ հայութեան շահերուն հակասող դիրքերու մէջ գտնուիլ պարտադրուի իրենց:

Հայկական երեսփոխանական ուժեղ խմբաւորման մը առկայութիւնը, անոր գոյութիւնը ազգային ուժեղ կուսակցութեան մը հովանիին տակ, անհրաժեշտութիւն է: Ազգային քաղաքական հզօրանքի միջոց է:

Հայերս, իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիներ, իբրեւ հայ լիբանանցիներ կամ լիբանանցի հայեր, իրաւունք ունինք մեր խօսքն ու պահանջը բարձրաձայն ու հպարտօրէն հնչեցնելու եւ ակնկալելու, որ այդ ձայնը լսելի դառնայ:

Կասկած չկայ. այդ իրաւունքը ունինք: Ո՛չ միայն իրաւունքը, այլ նաե՛ւ պարտաւորութիւնը: Մայիս 15-ին պէտք է իրականացնենք թէ՛ մեր իրաւունքը եւ թէ՛ պարտաւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

Մենք

Յաջորդը

Ծաղկազարդի Տօնը` Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.