Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Գոհ Է Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումի Արդիւնքէն

April 9, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւ եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հինգշաբթի օր ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին կողմերը քննարկած են երկկողմանի համագործակցութիւնը եւ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«7 ապրիլին, նախագահ Ալիեւ հեռաձայնած է նախագահ Էրտողանին: Զրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են 6 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան-Հայաստան ձեւաչափով եռակողմ հանդիպումը: Նախագահ Ալիեւը դրական գնահատած է ձեռք բերուած արդիւնքները», կը նշուի Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ալիեւ նշած է, որ բանակցութիւններէն ետք համաձայնութիւն ձեռք բերուած է աշխատանքային խումբի ստեղծման վերաբերեալ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր նախապատրաստելու համար` հիմնուելով Ազրպէյճանի կողմէ ներկայացուած հիմնարար սկզբունքներուն վրայ, «որոնք, այլ բաներու շարքին կը ներառեն տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը եւ տարածքային պահանջներէն հրաժարիլը»:

«Էրտողան, իր կարգին, գոհունակութիւն յայտնած է ձեռք բերուած արդիւնքներուն նկատմամբ», կ՛ընդգծուի տեղեկատուութեան մէջ:

«Զրոյցի ընթացքին նշուած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը, փոխադրական եւ այլ հաղորդակցութիւններու բացումը շրջանին մէջ պիտի ապահովեն խաղաղութիւն ու կայունութիւն, պիտի նպաստեն շրջանի երկիրներու զարգացման», կը նշուի զեկուցումին մէջ:

«Պետութիւններու ղեկավարները միտքեր փոխանակած են նաեւ թուրք-ազրպէյճանական երկկողմանի դաշնակցային յարաբերութիւններու տարբեր երեւոյթներու շուրջ», կը նշէ Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:

 

 

Նախորդը

Յակոբ Բագրատունի. «Կ՛ողջունենք Քուէյթի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպաններուն Լիբանան Վերադարձը»

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Նախագահութիւնը Կ՛ողջունէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ղեկավարներուն Հանդիպումը

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.