Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոչինչէն Շատ Բան Կերտեցիր Եւ Բարի Յիշատակներով Հեռացար(Ճոնի Պոյի Քառասունքին Առիթով)

February 25, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երբ մահը միայն խօսքի սահմաններուն մէջ բնութագրուած կ՛ըլլայ, դիւրին է խօսիլ անոր մասին, պարզօրէն մօտենալ անոր եւ զայն դիւրութեամբ ընկալել: Բայց երբ այդ մահը շատ կը մօտենայ մեզի` մեզմէ խլելով մեր ամէնէն սիրելիներն ու թանկագինները, այն ատեն կը տեսնենք անոր խորքն ու իսկութիւնը: Այն ատեն մեր միակ սփոփանքը կը մնայ հոգիի մխիթարութիւնը, որովհետեւ կամայ ակամայ ստիպուած կ՛ըլլաս ընդունելու կեանքի պարտադրած օրէնքը:

Այս մեծ ցնցումը ապրեցանք նաեւ մենք, երբ մահը մեզմէ առյաւէտ խլեց մեր սիրելի հայրը` Յովհաննէս Թոքաճեան, որ լիբանանեան պատերազմի օրերէն ետք յատկապէս ճանչցուեցաւ իբրեւ Ճոնի Պոյ, որ առաքինի հերոս մըն էր` սիրուած բոլորէն: Գրեթէ ամէն մարդ կը ճանչնար զինք, իսկ չճանչցողները անպայման լսած կ՛ըլլային անոր անունն ու բարի գործերուն մասին:

Երիտասարդ տարիքին` երդուած ըլլալով ծառայել Դաշնակցութեան, մեր հայրիկը, ընկերն ու եղբայրը անսակարկ նուիրումով, նոյնիսկ կեանքի գնով լծուեցաւ իր ազգին ու ժողովուրդին ծառայութեան: Ան հայութեան հաւատարիմ ու նուիրեալ ծառան մնաց մինչեւ կեանքի աւարտը: Ճակատագրական այդ օրերուն, երբ ինք պաշտօնի վրայ էր, մահը մնայուն կերպով զինք կը հալածէր, միշտ տարբեր տեսակի վտանգներու ենթակայ էր, նոյնիսկ առեւանգուեցաւ անծանօթ զինեալներուն կողմէ, սակայն շնորհիւ այդ օրերու «յիշատակելի ընկերներու», փառք Աստուծոյ, ան շաբաթ մը ետք վերադարձաւ ողջ ու առողջ: Բայց եւ այնպէս ան ոչ մէկ ձեւով ընկրկեցաւ, այլ աւելի եւս կառչեցաւ իր դաշնակցական պարտականութիւններուն, առանց վայրկեան մը իսկ մտածելու ճակատէն հեռանալու կամ երկիրը ձգելու մասին:

Ան ոչ միայն ինք ամբողջովին նուիրուեցաւ սուրբ գործին, այլ մեզի եւս սորվեցուց ճիշդ ուղին ընտրել` հայեցի դաստիարակութիւն փոխանցելով մեզի եւ խրատելով միշտ ծառայել ազգին ու հայրենիքին:

Ան ո՛չ միայն մեր հայրն էր, այլ նաեւ մեր ընկերն ու եղբայրը: Մեզի սորվեցուց նիւթապէս եւ բարոյապէս միշտ օժանդակել անկարին ու կարիքաւորին, ըլլալ իսկական հայեր, որոնք նոյնիսկ իրենց կեանքը պատրաստ են զոհելու ի սէր իրենց ժողովուրդին եւ հայրենիքին:

Սիրելի՛ հայրս,

Թէեւ այսօր մեզի հետ չես ֆիզիքապէս, սակայն քու խօսքերդ, հաւատքդ, խրատներդ, բարի, աստուածավախ, առաքինի, ընկերասէր հօր տիպարը տակաւին կը շարունակեն մեզի հետ մնալ: Քեզի համար երկու բան շատ կարեւոր էին` նախ հայ ընտանիքդ եւ քու սիրած ու Աստուծմէ ետք պաշտած կուսակցութիւնդ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Նոյնիսկ յաճախ կ՛ըսէիր մեզի, որ կը նախընտրէիր ճակատին վրայ զոհուիլ:

Բոլորը գիտեն, որ դուն ոչինչ ունէիր, սակայն Աստուած օգնեց քեզի, դուն ալ ժրաջան կերպով աշխատեցար, մինչեւ որ կրցար ինքզինքդ կերտել, դուն ալ քու կարգիդ միշտ ու միշտ տուիր ուրիշին` առանց սակարկութեան, միշտ նուիրումով: Կ՛ըսէիր, որ Աստուած վարձահատոյց կ՛ընէ, երբ ուրիշին կ՛օգնէ անձ մը: Ամէն առիթի կը կրկնէիր. «Սիրեցէ՛ք, պատուեցէ՛ք եւ օգնեցէ՛ք»: Այս կարգախօսով ալ դաստիարակեցիր մեզ, միշտ ցոյց տուիր ճիշդ եւ քրտինքով ապրուստ ապահովելու ճամբան, թելադրեցիր հեռու մնալ կեղծիքէ եւ անօրէն իւրացումներէ:

Վէրքերով լի էիր սիրելի հայր, իսկ երբ քու մարմինդ կը յանձնէինք ցուրտ հողին, քու սիրելի ընկերներդ երգեցին «Վէրքերով լի»¬ն, որուն իսկապէս արժանի ես դուն, այդ սուրբ երգով քեզմէ վերջին հրաժեշտ առինք:

Վարձքդ կատար սիրելի՛ հայրս, ընկերս եւ եղբայրս, խունկ ու մոմ անթառամ շիրիմիդ, հողը թեթեւ գայ վրադ եւ արժանի ըլլաս Աստուծոյ արքայութեան:

Յիշատակդ անմար պիտի մնայ, միշտ մեզի հետ պիտի ըլլաս քու խօսքերովդ, հաւատքովդ, նուիրումովդ եւ նկարագրային իւրայատուկ գիծերովդ:

ՍԳԱԿԻՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԴ

Նախորդը

Առ Յաւէտ Կը Մեկնի Ազգային Մը Եւս…(Կարապետ Բարսեղեանի Անմար Յիշատակին)

Յաջորդը

Առաջ Քան Զամենայն` Մեր Մեծասքանչ Մայրենին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.