2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն շրջագիծին մէջ, կ՛արժէ անդրադառնալ, որ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ` գտնուած երկիրներուն մէջէն քուէարկելու պարագային ճշդուած են տարբեր թուականներ:
Մինչ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները կը կատարուին 15 մայիս 2022-ին, արտերկրի պարագային ընտրութիւնները շաբաթ մը առաջ են:
Հետեւաբար արտերկրի լիբանանցիներուն համար ճշդուած են ընտրութեան երկու թուականներ` ուրբաթ, 6 եւ կիրակի, 8 մայիս:
6 մայիսին պիտի քուէարկեն այն լիբանանցիները, որոնք կ՛ապրին ուրբաթ օրը շաբթուան պաշտօնական արձակուրդի օր նկատի ունեցող երկիրներուն մէջ, իսկ 8 մայիսին պիտի քուէարկեն այն լիբանանցիները, որոնք կ՛ապրին կիրակի օրը շաբթուան պաշտօնական արձակուրդի օր նկատի ունեցող երկիրներուն մէջ:


