Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ական Եղբայր Պետիկ Սարգիսեանի Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

February 25, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այնճարի ՀՄԸՄ-ը կորսնցուց իր վաստակաւոր եղբայրներէն մէկը` եղբայր Պետիկ Սարգիսեանը, քառասուն օրեր առաջ, երիտասարդ տարիքին:

Եղբայր Պետիկ Սարգիսեանի կեանքը միախառնուած էր Այնճարի ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան: Փոքր տարիքէն ան ոտք դրած էր ՀՄԸՄ-ի ընտանիքէն ներս` իր հօր` վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ական եղբայր Սարգիս Սարգիսեանի առաջնորդութեամբ:

Պետիկ անցնելով ՀՄԸՄ Այնճարի գայլիկ-սկաուտ-երէց հանգրուաններէն` եղած էր գործունեայ միութենական: Եղած էր սկաուտական վարիչ-առաջնորդ եւ տարբեր յանձնախումբերու մէջ մասնակցած էր ՀՄԸՄ Այնճարի գործունէութեան:

Եղբայր Պետիկ չբաւարարուեցաւ սկաուտական աշխատանքներով, այլ դարձաւ նորակազմ ՀՄԸՄ Այնճարի փողերախումբի թմբկահար, մասնաճիւղի ֆութպոլի Ա. խումբի մարզիկ եւ հեծելանաւորդ: Պետիկ մաս կազմելով ֆութպոլի խումբին` մասնակցած է բազմաթիւ մրցումներուն, յատկապէս` Դամասկոսի, Հալէպի, Կիպրոսի եւ Պեքաայի մէջ` որպէս յետսապահ: Մեծ սէր ունէր հեծիկին հանդէպ, այդ մէկը վերածուեցաւ յատուկ մարզիկներու խումբի մը ստեղծման, որ Պեքաայի դաշտին մէջ մասնակցեցաւ տարբեր մրցումներու եւ խանդավառութիւն ստեղծեց այս ծիրին մէջ:

Պետիկ Սարգիսեանը փաստօրէն եղաւ ՀՄԸՄ-ի գործունեայ անդամը, եւ իր կեանքը արժեւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ին իր ծառայութեամբ: Արդարօրէն ան իր ներդրումը ունէր Այնճարի ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան մէջ:

Թող այս քանի մը տողերը, իր յիշատակին նուիրուած, վառ պահեն եղբայր Պետիկ Սարգիսեանի գործունեայ կերպարը ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին մէջ:

ՍԳԱԿԻՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ

Նախորդը

Արաբ Ստեղծագործողներու Միացեալ Ցուցահանդէսը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Առ Յաւէտ Կը Մեկնի Ազգային Մը Եւս…(Կարապետ Բարսեղեանի Անմար Յիշատակին)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.