ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 266 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 24.200 լ. ոսկիի:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ յայտարարեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ապահովութեան ուժերը բացայայտած են 975 քկ հաշիշ, որ պատրաստուած էր ուղղուելու եւրոպական երկիր մը: Ան շեշտեց, որ այս գործողութեան պատասխանատուները ճշդուած են եւ զանոնք ձերբակալելու ջանքերը կը շարունակուին:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ ընտրութիւններուն կայացումը կասկածի տակ առնելը պարզապէս վերլուծում է:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ յայտնեց, որ այսօր Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ պատուիրակութեան հետ պիտի քննարկէ Լիբանանի ենթակառոյցի ֆինանսաւորման կարելիութիւնները:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլաս յայտնեց, որ փոխվարչապետ Սաատէ Շամի ինքն իր մասնագէտի եւ տնտեսագէտի տեսակէտին մասին կրնայ արտայայտուիլ, սակայն պաշտօնական իմաստով միայն վարչապետին կատարած յայտարարութիւնները պէտք է նկատել վերջնական:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի, ինչպէս նաեւ արդարութեան եւ վարչական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը երէկ չկրցան գումարել միացեալ նիստ մը` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Նիստը պիտի քննարկէր 17 հոկտեմբեր 2019-էն առաջ Լիբանանէն դուրս փոխանցուած գումարները վերադարձնելու կարելիութիւնները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ոմանք յստակ ինքնութիւն չունին:
ԱԼՐԱՂԱՑՆԵՐՈՒ եւ փուռերու համադաշնակցութիւնները յայտարարեցին, որ Լիբանան կը գտնուի հացի տագնապի սեմին:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ողջունեց Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ յունիս 2022-ին Լիբանան կատարուելիք այցելութիւնը: Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն` խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանցի քաղաքացիները սահմանադրական իրենց իրաւունքը գործադրեն` քուէարկութեան ընդմէջէն կատարելով հաշուետուութիւնը:


