ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Թորոսեան եւ Նաճարեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տիկնանց միութեան, ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց կնոջ, մօր, քրոջ եւ հարազատին` ՄԱՆՈՒՇԱԿ ՆԱՃԱՐԵԱՆ-ԹՈՐՈՍԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ
ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ «ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԱՐԱՄԲԷԵԱՆ»-Ի ԱՆՈՒԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՊԻՏԻ ՍՈՐՎԵՑՆԵՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՈՐԳԻ ԶԱՐԴԱՆԱԽՇԵՐ
Այսօր սկիզբ կ՛առնէ Հայկազեան համալսարանին նախաձեռնութեամբ Պէյրութ հասած Հայաստանի Հանրապետութեան Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանի երկու մասնագէտներու տասնօրեայ աշխատանոցը:
Ըստ ծրագիրին, հայրենի մասնագէտները պիտի այցելեն լիբանանահայ դպրոցները եւ շուրջ երկժամեայ աշխատանոցային ծրագիրով լիբանանահայ աշակերտներուն պիտի ծանօթացնեն հայկական գորգը, անոր իւրայատկութիւնները, յատկանիշները եւ սորվեցնեն հայկական գորգի զարդանախշերը: Այնուհետեւ աշակերտները հայկական գորգի նախշերով գծուած եւ յատուկ պատրաստուած տախտակներու վրայ, իրենց տրամադրուած ներկերով պիտի ներկեն զարդանախշերը, ու իրենց հետ տանին իրենց տուները:
Ծրագիրը նպատակ կը հետապնդէ աշխատանոցային ծրագրաւորումով, հայ աշակերտը ծանօթացնել հայկական գորգին եւ անոր միջոցով զինք առաւել առնչել հայ մշակոյթին:
Ծրագիրին նիւթապէս սատար կը կանգնին «Պօղոսեան» ու «Թիւֆենքեան» հիմնարկները:
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՀԱՅՈՑ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐԷՆ
(1915-2020)»
Հեղինակ` ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ
Հրատարակութիւն` «Սիփան» հրատարակչատան
Պէյրութ, 2020
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Georgi Sabounjian հաստատութիւնը կարիք, ունի հետեւեալ գործերը կատարող պաշտօնեաներու.
Կարի մեքենայի վրայ աշխատողներու,
Արտածումի փորձառու քարտուղարուհիի մը,
3D operator in CAD/CAM:
Դիմել` հեռ. 09-477778 կամ «Սի. Վի.»-ն ղրկել
hr@georgisabounjian.com.lb հասցէին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Անմիջական կարիքը կայ օգնական կնոջ մը` ստանձնելու տարեցի մը հոգատարութիւնը եւ տան պատասխանատուութիւնը: Դիմել` պրն. Ռոժէին, միայն WhatsApp-ի միջոցով, 70-204704 թիւին:

