Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը մտադիր չէ երկարաձգել պրազիլցի իր յետսապահին` Մարսելոյի գործող պայմանագրութիւնը:
33 տարեկան ֆութպոլիստը համաձայն գտնուած է աշխատավարձի կրճատման, որպէսզի շարունակէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը արքայական ակումբին հետ, սակայն կողմերը իրարու հետ համաձայնութեան չեն եկած:
Անոր գործող պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի այս տարեշրջանի աւարտին:
Մարսելօ 2007-ին պրազիլական Ֆլումինենսէէն տեղափոխուած էր Ռէալ Մատրիտ:
Նշենք, որ ներկայիս անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 3 միլիոն եւրոյով:


