Ամիսներ տեւած բանակցութիւններէ ետք, Ուաշինկթըն եւ Անգարա կը յայտարարեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան յաղթահարումը` պատրաստակամութիւն յայտնելով կեդրոնանալու տնտեսական եւ պաշտպանական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան վրայ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները գործարկած են Միացեալ ռազմավարական մեքանիզմ մը, որուն նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան հետագայ ընդլայնումն է:
«Համաձայն Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի` հոկտեմբեր 2021 թուականին Հռոմի մէջ կայացած հանդիպումի ժամանակ ստանձնած պարտաւորութիւններուն, Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները 4 ապրիլին Անգարայի մէջ սկիզբը յայտարարեցին Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական մեքանիզմին», նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան մէջ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտ այս ծիրին մէջ Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ բանակցած են:
Կողմերը քննարկած են երկու երկիրներուն համար փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթեր, ներառեալ տնտեսական եւ պաշտպանական համագործակցութիւնը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ համաշխարհային խնդիրներ:
Կողմերը նաեւ ընդգծած են իրենց հաւատարմութիւնը Ուքրանիոյ գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ:
Տեղեկութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի փոխնախարար Մարիսա Լակօ 5-6 ապրիլին պիտի այցելէ Անգարա` «ռազմավարական մեքանիզմի ծիրին մէջ տնտեսական եւ առեւտրական համագործակցութեան նպատակները յառաջ մղելու համար»:
Բացի ատկէ, յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները այս տարի կը նախատեսեն այս մեքանիզմի ծիրին մէջ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում կատարել:
Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները սրած են շարք մը հարցերու, որոնց շարքին` Անգարայի կողմէ ռուսական սպառազինութեան ձեռքբերման, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ արեւելեան Միջերկրականի մէջ տարակարծութիւններու պատճառով:
Տարակարծութիւններուն պատճառով Ուաշինկթըն պատժամիջոցներ հաստատած է թրքական պաշտպանական արդիւնաբերութեան դէմ եւ դաշնակից Անգարան դուրս ձգած «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրէն:
Նուլընտ Քննարկած Է Հայաստան–Թուրքիա
Յարաբերութիւններու Հարցը
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են շրջանային հարցեր, յատկապէս Ռուսիա-Ուքրանիա յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր:
«Նախագահական պալատին մէջ Իպրահիմ Քալընի եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական հարցերով քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտի հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շրջանային հարցեր, ինչպիսիք են Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմը, Սուրիան, Ազրպէյճանը, Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, Իսրայէլը, ուժանիւթային անվտանգութիւնը, պաշտպանական համագործակցութիւնը, գնահատուած են երկկողմանի քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:



