Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը սերտէ Սուրիոյ կառավարութեան հետ երկխօսութեան սկսելու կարելիութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ»-ը` յղում կատարելով անանուն աղբիւրներուն:
Ըստ լրատուամիջոցի, քննարկումները պիտի ներառեն երեք կարեւոր նիւթ` սուրիական պետութեան միասնական կառուցուածքի պաշտպանութիւն, Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանում եւ գաղթականներու անվտանգ վերադարձի ապահովում:
Օրաթերթը կը նշէ, թէ Սուրիոյ միասնութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի երկրին եւ Քրտական ինքնավար մարզին մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) գործունէութեան առնչուած:
«Այս հոլովոյթը կրնայ յանգեցնել Թուրքիա բնակող սուրիացի գաղթականներու առնուազն կէսին իր հայրենիք վերադարձին», կը յայտնէ «Հիւրրիեթ»-ը` յղում կատարելով աղբիւրներէն մէկուն:
Աղբիւրները նշած են, որ Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ յարաբերութիւնները յետաձգուած են Ռուսիոյ եւ Իրանի կողմէ: «Սակայն որովհետեւ Ռուսիան զբաղած է Ուքրանիոյ պատերազմով եւ ատոր համաշխարհային արձագանգով, յարաբերութիւններու բարելաւման կարելիութիւն ստեղծուած է», ըսած են անոնք:
Անգարան կը կարծէ, որ նախագահ Պաշշար Ասատի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութիւնը ցոյց կու տայ, որ ան պէտք է հանդէս գայ նոր նախաձեռնութիւններով եւ նոր աջակցութիւն ստանայ, եւ որ ատոր համար տարբեր միջոցներ կը փնտռէ:
Աղբիւրներու համաձայն, Թուրքիան կրնայ այդ հոլովոյթը օգտագործել իր օգտին` հաշուի առնելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ղեկավարութեան հետ Ասատի հանդիպումները ազդարարեցին արաբ դրացիներու հետ Սուրիոյ յարաբերութիւններու հաւանական ջերմացումը: Միացեալ Նահանգները քննադատած են ուղեւորութիւնը` յայտարարելով, որ իրենք «խորապէս հիասթափուած են»:


