Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին երէկ հրապարակած աղջկանց նոր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ յայտնուեցաւ նոր մարզիկ մը, որ այս պարագային եղաւ 20 տարեկան լեհ թենիսվումըն Իկա Սվիաթեք:
Ասիկա գրեթէ յստակացաւ նախորդ 26 մարտին, երբ Սվիաթեք ապահովեց Մայեմիի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի իր տոմսը եւ միեւնոյն ժամանակ ալ դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող աւստրալիացի Էշլէյկ Պարթի յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին:


