Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շնորհաւորագիր` «Ազդակ»-ի 95-ամեակին Առիթով

April 5, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

5 մարտ 2022-ին «Ազդակ» բոլորեց իր 95 տարին:

Արդեօք քանի՞ թիւեր ու հազարաւոր էջեր լոյս տեսան այս տարիներու ընթացքին, կարելի է միայն երեւակայել:

Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք, «Ազդակ»-ի կշիռն ու արժէքը որքան զոհողութիւններու ու յոգնութիւններու հաշուոյն կրցաւ գոյանալ ու գոյատեւել հրապարակի վրայ, երբ ուրիշներ չդիմացան մարտահրաւէրներուն, հալեցան ու լուծուեցան: Ասիկա եղաւ «Ազդակ»-ի մեծագոյն յաղթանակը, եւ այդ 95 տարիներու անխոնջ, անձնուէր ու անխափան աշխատանքի առջեւ պարտաւոր ենք մեր գլուխները խոնարհել:

Ցեղասպանութեան պատճառով հայութեան տարագրութենէն ետք սփիւռքի պատմութիւնը «Ազդակ»-ի մէջ գրուեցաւ: «Ազդակ» դարձաւ մեր աւագ ուսուցիչը, հաւաքեց իր շուրջ մտաւորականութիւնը եւ ջամբեց հայրենասէրութիւն ու հայրենասիրութիւն: Իր ուժերը ծառայեցուց հայագիտութեան ու հայապահպանման, հայութեան ազգային ու մշակութային կեանքի բարելաւման գործին: Իր էջերուն մէջ արծարծեց հայութեան ճակատագիրին առնչուող բազմաթիւ հարցեր…

Կա՞յ մէկը, որ չէ լսած «Ազդակ» օրաթերթի մասին: Անիկա պարզապէս լրատու օրաթերթ մը չէ, այլ` հայոց պատմութեան դասագիրք, հայ գրականութեան ուսումնարան, քաղաքական վերլուծութիւններու ուղղորդիչ, թղթակցութիւններու ու յօդուածաշարերու մատեան, դասախօսութիւններու շարան, «բացառիկ»-ներու ճոխութիւն եւ մեր առօրեայ կեանքի հայելի:

Հայրենի հող ու ջուրի պապակով ապրող սփիւռքահայուն համար դարձաւ ազգային դարբնոց ու միտքեր կերտող, քաջալերեց տաղանդաւոր երիտասարդ ուժերը եւ մատակարարեց մարդուժ` համայն հայկական աշխարհին:

Աւելորդ կ՛ըլլայ ըսել, որ «Ազդակ» իր 95 տարիներու ընթացքին վայելեր է հայութեան համակրանքն ու պատկառանքը. ունեցեր է ընթերցողներու լայն շրջանակ` Լիբանանի մէջ թէ այլուր: Թերթին աշխատակցած են որակեալ խմբագիրներ, լրագրողներ, թղթակիցներ, սրբագրիչներ, մեր ժամանակի գրական ներկայացուցիչներ, պատուաւոր մտաւորականներ, որոնք սնուցած են հայեցի կրթութիւն ու գրական ճաշակ. Ահա թէ ինչո՛ւ «Ազդակ» կը մնայ դարուս վստահելի վկայակոչումը: Եւ իր այս եզակի գործունէութեամբ խոր հետք ձգած է հայութեան վրայ:

95 տարիներ անխափան շարունակեց երթը, իր բովանդակութեամբ եւ գաղափարախօսութեամբ երբեք չնահանջեց, այլ դարձաւ մեր ազգի հաւաքական ձգտումներու արտացոլումը եւ մնաց լիբանանահայ գրական կեանքին հիմնական սիւներէն մէկը:

95-ամեայ անկորնչելի իրագործումներու յոբելենական այս տարեշրջանին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը շնորհաւորէ «Ազդակ»-ի 95-րդ տարեդարձը, խմբագիրն ու անձնակազմը եւ կը մաղթէ բազմադարեայ գործունէութիւն:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ` Թատրոնին Եւ Իր Նորագոյն Ծրագիրներուն Մասին

Յաջորդը

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.