Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Գաբրիէլ Սարգսեան պարտութեան մատնեց իսլանտացի Կուտմունտու Քիարթանսոնը, որ իր արձանագրած չորս յաղթանակներէն ետք առանձինն կը գրաւէր ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Հայաստանի ներկայացուցիչը այժմ չորս ուրիշներու հետ 4,5 կէտով կը բաժնէ առաջինէն հինգերորդ դիրքերը:
Շանթ Սարգսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, յառաջատարներէն ետ են կէսական կէտով:


