Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ սպանական Քատիսի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան երէկ ձեռքի վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ:
Ան վիրաւորուեցաւ Նորվեկիոյ դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին ընթացքին: Այս մրցումը աւարտեցաւ Նորվեկիոյ յաղթանակով (9-0):
Տեղի ունեցած քննութիւններուն արդիւնքին լոյսին տակ ի յայտ եկաւ, որ անոր աջ նախաբազուկը երկու կոտրուածք ունի, հետեւաբար վիրաբուժութենէ այլընտրանք չկար անոր համար:


