Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղեստինէն Հոնք Քոնկ

April 2, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

– Ի՞նչ կը նայիք կոր, պոլշեւի՞կ մը տեսաք: Հիմա եթէ ձեր բոլորին գլուխները ածիլեմ, բան մըն ալ չ՛երեւիր, իմ գլուխս Հոնք Քոնկի խարթա (քարտէզ) է:

Պաղեստինցի Ժիրայրն էր, որ ՀՄԸՄ-ի ընդհանուր ժողովի մը առանց հրաւիրուելու գացած էր եւ դրան առջեւ կեցած,  ժողովականներուն կ՛ուղղէր իր խօսքը` հաւատալով, որ մրցումներու ատեն իր գլխուն ստացած հարուածները զինք իրաւասու մասնակից կը դարձնեն այդ ժողովին:

Խորքին մէջ ինք ժողովի մարդ չէր, գետնի վրայ գործի նուիրեալն էր:

Թրիփոլիի մէջ մրցումէ մը ետք տեղւոյն պարտուած խումբի համակիրներու կատղած խուժան մը սկսաւ արշաւել ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն վրայ, որոնք` ուրախ,  հանրակառք կը բարձրանային: 20-25 մեթր մնացած էր եւ խուժանը պիտի հասնէր, երբ յանկարծ կանաչ մերսետես մը յայտնուելով` փակեց ճամբան: Ժիրայր երկու ատրճանակով ելաւ եւ սպառնաց կրակել մօտեցողներուն, իսկ մեր համակիրներուն պոռաց, որ շուտով հեռանան:

Մրցումները դիտող, խումբը քաջալերող սովորական համակիր մը չէր ան, այլ` մարզիկներն ու համակիրները պաշտպանող մը, որ  բազմաթիւ դէպքերու ընթացքին ստացած վէրքերու սպիներ կը կրէր մարմնին վրայ: Շամունի անուան նախկին մարզական աւանին մէջ Նժմէի համակիրները զինք թրիպիւնէն վար, դաշտ նետած էին, երբ ՀՄԸՄ-ին հայհոյելնուն պատճառով առանձին անոնց վրայ յարձակած էր:

Խաղի առաջին վայրկեաններուն եթէ խումբը կոլ նշանակած չըլլար, Ժիրայր կը սկսէր տագնապիլ, ապա` խուճապի մատնուիլ: Այդպիսի պահերու մահացու սխալ կը գործէր այն անձը, որ կը փորձէր հետը խօսիլ:

Շրջան մը ֆութպոլի ֆետերասիոնը մեծագումար տուգանքներու ենթարկեց ՀՄԸՄ-ը` իրաւարարներու եւ ֆետերասիոնի հասցէին համակիրներուն բազմագոյն եւ բազմաձայն հայհոյանքներուն համար: Այդ բաւական ծանր ազդեց խումբին, որուն պատասխանատուները Ժիրայրին եւ քանի մը այլ անձերու պարտականութիւն տուին զսպել համակիրները: Ժիրայր պաշտօն ստացած անձի գոհունակութեամբ, յաջորդ մրցումէն առաջ համակիրներուն պատուիրեց չհայհոյել: Մրցումը սկսաւ, իրաւարարին կողմնակալութեան ի տես` ոմանք հայհոյեցին, Ժիրայր դարձաւ եւ սաստեց, լռեցուց: Իրաւարարը շարունակեց իր ընթացքը, այս անգամ Ժիրայր ինք  չդիմացաւ, բացաւ օրհնեալ բերանը եւ նոյնիսկ մրցումէն ետք դաշտ իջաւ եւ բռունցքի ուժգին հարուածով մը գետին փռեց իրաւարարը: Ֆետերասիոնը արգիլեց Ժիրայրին մուտքը ֆութպոլի դաշտեր, բայց ան ձեւերը գտաւ եւ չբացակայեցաւ մրցումներէն:

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի մրցումները «Վանայ ձայն»-էն ուղղակի կը սփռէինք` Լութֆիկը դաշտէն, ես կայանէն, իրարու կապուելով այդ օրերու անթել հեռաձայնով, իսկ երբ Լութֆիկը այլ պաշտօնի կոչուեցաւ, ես դաշտ կ՛երթայի, իսկ  Ժիրայր սիրով կը տրամադրէր իր  բջիջային հեռաձայնը, որ սկզբնական շրջանին բաւական սուղ միջոց մըն էր այդքան երկար հաղորդակցութեան համար: Ժիրայր խորքին մէջ կ՛ուրախանար, որ «Վանայ ձայն» իր բջիջային հեռաձայնը կը գործածէ, եւ դերասանական ձեւով մը մարդոց ներկայութեան կը հարցնէր.

– Ասոր ծախսերը ո՞վ պիտի վճարէ:

– Ժիրա՛յր, քու ըրածներդ դրամով չեն գնահատուիր,- կ՛ըսէի:

– Աս խօսքդ վրաս կապար կրակելու պէս բան մըն է,- կ՛ըսէր` հազիւ նշմարելի ժպիտով մը շուրջիններուն նայելով:

ՀՄԸՄ-ի նոյնիսկ բարեկամական մրցումներուն ներկայ կ՛ըլլար: Կիրակի մը պասքեթպոլի տղոց խումբը բարեկամական մրցում մը ունէր Ռիատիի դաշտին վրայ: Մեր պզտիկները պտտցնելու համար այդ կողմերէն երբ կ՛անցնէի, պահ մը դաշտ մտայ: Ժիրայր, որ այդ օրերուն նոր գնած էր բջիջային հեռաձայնը, նստած էր քանի մը պատասխանատուներու հետ: Զիս չտեսաւ: Ետեւի աթոռին վրայ նստայ եւ ըսի, որ «Վանայ ձայն»-էն կը խօսիմ, ի՞նչ եղաւ խաղը: Ժիրայր բջիջային հեռաձայնը բռնեց եւ սկսաւ խօսիլ…

Շատ անհամբեր էր եւ միշտ կ՛ուզէր, որ կանուխ հասնինք դաշտ: Անձրեւոտ օր մը ֆութպոլի մրցումը տեղի պիտի ունենար հեռաւոր Նապաթիէի դաշտին վրայ: Ըսի, որ մարզիչէն նախ ստուգենք, խաղը կրնայ յետաձգուիլ:

– Շո՛ւտ, շո՛ւտ, Վաչէին (Սարգիսեան) թիւը տո՛ւր, ես կը խօսիմ հետը:

Հեռաձայնեց.

– Ըը՜… փարտոն, մատա՛մ, ղալաթ (ներողութիւն, տիկի՛ն, սխալ է),- ըսաւ եւ ծուռ-ծուռ ինծի նայեցաւ` կարծելով, որ դիտմամբ սխալ թիւ տուած եմ:

Կրկին աճապարանքով հեռաձայնեց եւ իրարանցումին մէջ ըսաւ.

– Եղբայր Ժիրայր, եղբայր Վաչէն է… ը՜ Ժիրայրն է:

Հարցուց եւ ինծի դառնալով` ըսաւ.

– Մարդու վրայ խե՞լք մը կը ձգես կոր:

– Աստուած քեզի խելք տայ, ինծի ալ դրամ,- ըսի:

– Խելքը ի՞նչ պիտի ընեմ, դրամ թող տայ,  խելացիի տեղ կ՛անցնիմ,- ըսաւ:

Ուղղուեցանք Նապաթիէ, ուր դաշտը փակ էր: Մրցումը յետաձգուած էր. եղբայր Ժիրայրին… ներողութիւն, եղբայր Վաչէին ըսածը սխալ հասկցած էր:

Այլ առիթով մը, Թրիփոլիի մէջ տեղի ունենալիք մրցումին, ՀՄԸՄ-ի հաւատաւոր համակիր Կարպիս Փայիսեանին ինքնաշարժով դաշտ գացինք: Մեզի հետ էր ֆութպոլի յանձնախումբին ատենապետը: Ճամբան,  մայրուղիին եզրին դադար մը առինք եւ երբ վերադարձանք, ինքնաշարժը չաշխատեցաւ: Ստիպուած` երեքս սկսանք հրել ինքնաշարժը: Ճիշդ այդ պահուն մարզիկներուն եւ համակիրներուն հանրակառքերը անցան: Ժիրայր եղիր եւ դիմացիր: Կարպիսին ըսաւ.

– Ծօ՛, էլ ալեմին առջեւ ռեզիլ ըրիր մեզի: Ասիկա ըլլալի՞ք է. ֆութպոլի ատենապետը, Ճեմարանի ընդհանուր հսկիչը եւ պասերուն տէրը ճամբան օթօ կը հրեն…

Մրցումէն ետք վերադառնալու ատեն Կարպիս այնպէս ըրաւ, որ իբր թէ ինքնաշարժը կրկին չաշխատեցաւ: Ժիրայր, որ նստած էր Կարպիսին քով, գրպանէն դրամ հանեց, տուաւ անոր եւ ըսաւ.

– Սատեղէն պաթարիա մը գնէ՛, վերջանանք ալ:

Այլ մրցումի մը, այս անգամ` Նժմէի դէմ,  ես մնացած էի «Վանայ ձայն», ուրկէ Ժիրայրին հետ պարբերաբար հաղորդակցելով` ունկնդիրներուն տեղեկութիւններ կու տայի խաղի ընթացքին մասին: Որոշ ժամանակ ետք հեռաձայնեց եւ ըսաւ, որ ՀՄԸՄ կոլ նշանակած է: Ուզեցի, որ ինք ուղղակի խօսի ունկնդիրներուն` խաղին հարազատ մթնոլորտը տալու համար: Ժիրայր քանի մը բառով բացատրեց եւ վերջաւորութեան ըսաւ.

– ՀՄԸՄ-ի այս կոլը մորալիզէ ըրաւ Նժմէն (անշուշտ պէտք էր ըսէր տեմորալիզէ):

Յաջորդ երկու մրցումներուն ՀՄԸՄ պարտութիւններ կրեց: Առտու մը, Ճեմարանի մուտքին տնօրէն պրն. Հրաչ Տասնապետեան, որ «Վանայ ձայն»-ի միջոցով կը հետեւէր մրցումներուն, ըսաւ.

– Ժիրա՛յր, մորալիզէ կ՛ըլլանք կոր:

Սուրի մէջ տեղի ունեցած մրցումի մը Փիթըրն ալ մեզի հետ եկաւ: Քիչ մը կանուխ հասանք: Նաւահանգիստի շրջանին մէջ տեղ մը բան մը կերանք (ինք պիտի ըսէր` «ձեռքիդ աւելցուքը»): Ժիրայր, ըստ սովորութեան, միշտ աճապարելով` «Շուտ ըրէք, կ՛ուշանանք կոր», ըսաւ եւ փողոց ելաւ: Երբ մենք հասանք ետեւէն, տեսանք, որ կնոջ մը դրամ կու տայ: Տարեց, շնորհքով կին մըն էր, մուրացկան չէր: Փիթըր հարցուց.

– Ի՞նչ ըրիր, ո՞վ էր կինը:

Ժիրայր, որ  կեցած էր երկյարկանի հին կառոյցի մը առջեւ, ըսաւ.

– Ասիկա բանտ է, կինը եկեր է տղուն այցելութեան, պիտի վերադառնայ, դրամապանակը գողցեր են: Ես այս բանտը մնացած եմ, մայրս եկած էր ինծի դրամ բերելու, դրամապանակը կորսնցուցած էր…

Բարեկամներու համար խնամքով պահած իր շքեղ «Քատիլաք»-ը մեր ամուսնութեան օրը մեզի ալ  յատկացուց: Մենք վերջին զոյգը եղանք այդ ինքնաշարժը վայելող: Ռմբակոծումի օր մը Ժիրայր ինքնաշարժը կը տանի Փոլիկարպոսի այժմու կայարանին վայրը, ուր լքուած միայարկ շինութիւն մը կար եւ կարծելով, թէ ապահով է, հոն «կը պահէ»: Ռումբը կ՛երթայ-կու գայ ծխնելոյզի համար բաց մնացած անցքէն կ՛իյնայ ճիշդ ինքնաշարժին վրայ: Տարիներ ետք, երբ ծիծաղելու համար այս մասին կը պատմէինք  պրն. Տասնապետեանին, Ժիրայր ըսաւ.

– Տեսա՞ր, ընկե՛ր Հրաչ, այդքան մարդոց տուի,  բան մը չեղաւ, ինքը նստաւ, քանի մը օր ետք ռումբ ինկաւ օթոյիս վրայ: Ուղուրսուզ է:

Պարոն Տասնապետեան կատակեց.

– Հապա՞ եթէ իրենք մէջը ըլլային…

– Աստուած չընէ, խերը անիծեմ օթոյին,- ըսաւ Ժիրայր:

Ամէն օր, աշակերտները արձակուելու պահուն միասին կը սպասէինք Ճեմարանի մուտքին: Տիկին Անի Օհանեան եկած էր իր ինքնաշարժով տուն տանելու երկու աղջիկները: Ան չէր ճանչնար Ժիրայրը: Ծանօթացուցի, քանի մը նախադասութեամբ ներկայացուցի անցեալի եւ ներկայի դէպքերու ատեն անոր գործունէութիւնը: Ժիրայր պեխերուն մէջ պահած գոհունակ ժպիտով մը մտիկ կ՛ընէր: Երբ աւարտեցի, տիկին Օհանեան հարցուց.

– Պարո՛ն Ժիրայր, ամուսնացա՞ծ էք:

– Այո՛:

– Ձեր կինը, ով գիտէ, ինչե՜ր քաշած է ձեր ձեռքէն:

Ժիրայր ծուռ-ծուռ ինծի նայեցաւ:

Այս եւ բազմաթիւ այլ դրուագներ զանազան առիթներով բարեկամներու ներկայութեան յաճախ պատմել կու տար.

– Պատմէ՛, պատմէ՛, աս ալ պատմէ,- կ՛ըսէր եւ շուրջիններուն կը նայէր` ջղայնանալ կեղծելով:

Ամէնէն շատ հաճոյք առածը «Ճակուարի եւ անիւները իջած» Ֆոլկսվակընի  մանրապատումն էր, որ անտիպ պիտի մնայ:

Յուղարկաւորութիւններէ երբ կը վերադառնայինք, իրեն կ՛ըսէի.

– Ան ալ ղրկեցիր: Դուն դեռ շատեր պիտի ղրկես:

Աբօ Գասապեանին յուղարկաւորութեան ես ուշ հասայ, զիրար չտեսանք: Երեկոյեան «Վանայ ձայն» հեռաձայնեց եւ հարցուց.

– Ո՞ւր էիր, նայեցայ, որ ըսես` «Աբոն ալ ղրկեցիր»:

– Հիմա ըսեմ…

– Արդէն ըսելէն ըսելէն ինծի պիտի մեռցնես:

– Մի՛ մտահոգուիր, դուն չես մեռնիր: Եթէ նոյնիսկ մեռնիս, մահազդդ ես կը կարդամ «Վանայ ձայն»-էն:

Իսկապէս կը հաւատայի, որ չի մեռնիր:

Մահազդը երեկոյեան բերին կայան եւ այդ աշխատանքը կատարող պաշտօնեաները արդէն մեկնած էին: Ես կարդացի եւ ձայնագրեցի:

Անշուշտ քիչ չեն անոնք, որոնք բազմաթիւ պատմելիքներ ունին Ժիրայրին մասին, որ առիւծի սիրտ ունէր, աղաւնիի հոգի, մանուկի դիւրահաւատութիւն, շուտ բորբոքող եւ անմիջապէս մոռցող, անյիշաչար նկարագիր եւ բարեսրտութիւն: Մարդ մը, որ հարազատ հայ եւ հաւատաւոր դաշնակցական ըլլալէ բացի` ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ: Վերջապէս մարդ մը, որ յանուն ազգին եւ իր պատկանած կազմակերպութեան ու միութեան ամբողջ կեանքին ընթացքին իր գլխուն վրայ անտրտունջ եւ հպարտութեամբ կրեց «Հոնք Քոնկի խարթան»:

 

Նախորդը

Քրիստոսի Հաւատարիմ Զինուորը. Պետիկ Սարկաւագ Յովհաննէսեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

Խոնարհ Հերոսի Մը` Ժիրայր Նալպանտեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.