Հայաստանի 23 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «ԵՒՐՕ-2023»-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, Ը. խմբակի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ հիւրը եղաւ Սերպիոյ:
Ռաֆայէլ Նազարեանի գլխաւորած կազմը կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Նշենք, որ երթին Սերպիա Երեւանի մէջ արձանագրած էր 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստան, որ ցարդ կատարած է վեց մրցում, 3 կէտով կը գրաւէ խմբակին վերջին դիրքը:


