Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պաքուն Եւ Մոսկուան Շահագրգռուած Են Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Անվտանգութեան Ապահովումով» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

March 31, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան նպատակ ունի Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին չորեքշաբթի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչառնիքով:

«Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրին ստորագրումը երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը բերէ նոր կայուն մակարդակի», ըսած է դիւանագէտը:

Պոչառնիքովի համաձայն, Պաքուն եւ Մոսկուան շահագրգռուած են շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովումով:

«Ռուսիան նպատակաուղղուած է երկիրներուն միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու, բարեկամութեան, բարի դրացնութեան հետագայ զարգացման», աւելցուցած է ան:

Յիշեցնենք, որ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրը ստորագրուած է 22 փետրուարին, Քրեմլինի մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւններէն ետք:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը Պաքուի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հերքեց շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ յայտնուած այն տեղեկութիւնները, թէ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներուն մէկ մասը տեղափոխուած է Ուքրանիա` զինուորական գործողութիւններուն մասնակցելու նպատակով:

Ան միեւնոյն ժամանակ չէ մեկնաբանած Ասկերանի շրջանին մէջ վերջին օրերուն արձանագրուած իրադարձութիւնները:

Անդրադառնալով Տումայի երեսփոխան Միխայիլ Տելիակինի` Ազրպէյճանի քարիւղի ենթակառոյցները ռմբակոծելու վերջերս ուղղած կոչին, դեսպան Պոչառնիքով նշած է. «Կը կարծեմ, որ նման յայտարարութիւնները անընդունելի են եւ կը վնասեն Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն»:

 

Նախորդը

Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը

Յաջորդը

Սպիտակ Տունը Յայտնած Է Պայտըն-Փութին Հանդիպումի Նախապայմանները

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.