Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու մասին համաձայնագիրի ստորագրումը կարելի է միայն, երբ ռուսական զօրքերը վերադառնան իրենց դիրքերը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այս մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարած է Ուքրանիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Սերխի Քիսլիցա:
Ան ընդգծած է, որ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն կողմերը պիտի շարունակեն խորհրդակցութիւնները Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներ տրամադրելու մասին համաձայնագիրի նախապատրաստութեան շուրջ:
Քիսլիցա բացատրած է, որ խօսքը կը վերաբերի «զինադադարի դրութեան հաստատման մեքանիզմի, զօրքերու եւ այլ զինեալ կազմաւորումներու հեռացման, մարդասիրական միջանցքներու մնայուն գործունէութեան, ինչպէս նաեւ դիակներու փոխանակման, պատերազմական գերիներու եւ քաղաքայիններու ազատ արձակման»:
«Անվտանգութեան երաշխիքներու մասին համաձայնագիրի ստորագրումը կարելի պիտի ըլլայ միայն, երբ ռուսական բոլոր զինեալ կազմաւորումները վերադառնան 23 փետրուար 2022-ի դրութեամբ իրենց դիրքերուն», ընդգծած է Ուքրանիոյ դեսպանը:
«Պոլսոյ բանակցութիւնները ցոյց կու տան, որ Ռուսիան, հաւանաբար, պատրաստ է յառաջ շարժելու, սակայն տակաւին երկար ճամբայ կայ անցնելու դէպի կայուն զինադադար եւ համապարփակ ապամագլցում», ըսած է ան:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի իր զուիցերիացի պաշտօնակից Ինիացիօ Քասիսի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին առաջարկեց ուքրանական տագնապը կարելի եղածին չափ շուտ լուծելու համար երկու երկիրներուն ջանքերը միացնել:
«Չինաստանն ու Զուիցերիան Ուքրանիոյ մէջ կացութեան վերաբերեալ մէկ նպատակի կը ձգտին: Ատիկա կը նշանակէ, որ պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ զինադադարի հաստատում իրագործենք ու մարդասիրական աղէտը կանխարգիլենք», ըսած է չինական դիւանագիտութեան պետը:
Ան նշեց, որ Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները միայն միջազգային դժուար կացութեան բարդացման պիտի յանգեցնեն` աւելցնելով. «Կը յուսանք, որ Զուիցերիան յատուկ դերակատարութիւն ստանձնէ, եւ մենք պատրաստ ենք զուիցերիական կողմին հետ բանակցութիւններուն եւ հարցերու համակարգման»:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Պէյճինկ ամէն ջանք պիտի թափէ (Քիեւի եւ Մոսկուայի միջեւ) խաղաղ բանակցութիւնները յառաջ մղելու համար»` աւելցնելով. «Պիտի շարունակենք մեր յատուկ ձեւով մեր բաժինը կատարել»:
«Եունիըն» կայքը հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչ «Եու.Էյ.» թելեթոնի ընթացքին նախատեսած է, որ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու եռանդուն փուլը պիտի տեւէ «մէկ շաբաթ, թերեւս ալ աւելի»:
Արեսթովիչ նաեւ ըսած է, որ Ռուսիան Քիեւի մօտ պիտի ձգէ զօրախումբի մէկ մասը, որուն խնդիրը պիտի ըլլայ «ուքրանական զօրքերը պահել, անոնց չարտօնել տեղափոխել դժուար ուղղութիւններ»: «Չեռնիկովէն զօրքերը տակաւին դուրս չեն բերուիր», աւելցուցած է ան:
Արեսթովիչի համաձայն, ռուսական զօրքերը, որոնք նախապէս տեղակայուած էին մայրաքաղաքին մօտ, կը տեղափոխուին Տոնպաս` ուքրանական ուժերը շրջապատելու համար: Ինչ կը վերաբերի երկրի հարաւին, մասնաւորաբար Խերսոնին, ապա, ըստ Արեսթովիչի, ռուսերը այնտեղ պաշտպանական դիրքի վրայ են, իսկ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը «մարտավարական ճշգրիտ գործողութիւններ կը կատարեն»:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի իր դիմատետրեան պաշտօնական էջին վրայ գրառում կատարեց Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական գործողութեան վերաբերեալ` նշելով. «Անոնք (ռուսերը) միայն սպառազինութիւն ունին. առաւելագոյնը: Մենք ատոր կողքին ունինք մարդիկ, որոնք բարձունքին վրայ են: Մենք ունինք միլիոնաւոր ուքրանացիներու յաղթելու իրական ցանկութիւնը` մենք մեզ պաշտպանելու, մեր երկիրը ազատագրելու համար», գրած է նախագահը եւ կից լուսանկարներ հրապարակած:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Զելենսքի իր երկրի քաղաքացիներուն կոչ ուղղած է զգուշաւոր մօտեցում որդեգրելու Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք Մոսկուայէն հնչող դրական ազդակներուն նկատմամբ:
«Այո՛, մենք կրնանք ըսել, որ բանակցային հարթակէն հնչող ազդակները դրական են: Անոնք, սակայն, չեն լռեցներ ռուսական ռումբերու պայթումները: Բնական է, որ մենք կը տեսնենք բոլոր ռիսքերը, բնական է, որ մենք չենք վստահիր խօսքերուն ներկայացուցիչներուն այն պետութեան, որ կը շարունակէ քանդել մեր երկիրը: Ուքրանացիները միամիտ մարդիկ չեն: Զինուորական գործողութիւններու 34 օրերուն եւ Տոնպասի ընթացող պատերազմի 8 տարիներուն ընթացքին մենք արդէն սորված ենք, որ պէտք է միայն փաստերուն վստահիլ», երեքշաբթի օր ամէնօրեայ կէսգիշերային ուղերձին մէջ յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահը:
Ուքրանիոյ հետ բանակցող ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Վլատիմիր Մետինսքի յայտնեց, որ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին` աւելցնելով. «Խրիմի եւ Տոնպասի վերաբերեալ Մոսկուայի դիրքորոշումը չէ փոխուած»:
«Ուքրանիան պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդառաջելու ռուսական հիմնական պահանջներուն», ըսաւ ան` շեշտելով. «Եթէ Ուքրանիան իր յանձնառութիւնները կատարէ, ապա ՕԹԱՆ-ի այդտեղ գոյութեան վտանգը վնասազերծուած կը նկատուի»:


