Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը 28 մարտ 2022-ին կայացած նիստին քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը` զայն գնահատելով խիստ լարուած:
Ըստ Անվտանգութեան խորհուրդին, իրադրութեան վերլուծումը ցոյց կու տայ, որ Ազրպէյճանը, փորձելով գտնել մտացածին հիմնաւորումներ, հող կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի ուղղութեամբ նոր սադրանքներու եւ յարձակումի սկսելու համար, որոնց կարգին` Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեղադրելով խաղաղութեան պայմանագիրի հարցին մէջ ապակառուցողական գործողութիւններու յանցանքով:
«Անվտանգութեան խորհուրդը ստեղծուած իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ է նկատէ անգամ մը եւս վերահաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան աւելի կանուխ հնչեցուցած դիրքորոշումը եւ Ազրպէյճանին կ՛առաջարկէ անյապաղ բանակցութիւններու սկսիլ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ:
«Անվտանգութեան խորհուրդը, միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին ռազմական բախումներու հաւանականութեան վրայ, անհրաժեշտ կը նկատէ միջազգային զսպման մեքանիզմներու գործարկումը` շրջանին մէջ նոր ռազմական լարուածութիւն եւ ցեղային զտում թոյլ չտալու համար», կը նշուի Անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութեան մէջ:


