Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանական Զօրքերը Կը Շարունակեն Մնալ Քարագլուխի` Փառուխին Յարակից Հատուածին Մէջ

March 29, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փառուխը Անցաւ Ռուս Խաղաղապահներու
Վերահսկողութեան Տակ

Երէկ` երկուշաբթի, 28 մարտի ամբողջ օրուան ընթացքին շփման գիծի ամբողջ երկայնքին հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած եւ գործնական-մարտավարական իրադրութիւնը մնացած է լարուած: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի տեղեկատուական շտապը:

Իսկ 24 մարտ 2022-ին Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ներխուժման ենթարկուած Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղը 27 մարտին անցաւ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ, հայկական ուժերը պահպանեցին Քարագլուխի հիմնական մասի տիրապետումը: Լուրը հաղորդեց պաշտօնական Ստեփանակերտը` շեշտելով, որ ազրպէյճանական զօրքերը կը շարունակեն մնալ բարձունքի մէկ  հատուածին մէջ ամրացուած դիրքերուն վրայ:

«Շնորհիւ Արցախի զինուած ուժերու խիզախ ջանքերուն` հայկական կողմը յաջողած է կասեցնել ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու յառաջխաղացումը եւ պահպանել Քարագլուխ լերան հիմնական մասին հանդէպ տիրապետումը», նշուեցաւ Արցախի տեղեկատուական շտապի հաղորդագրութեան մէջ:

27 մարտի ուշ երեկոյեան Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ բանակցութիւններու շնորհիւ ազրպէյճանական կողմը ետ քաշած է իր ստորաբաժանումները Արցախի Փառուխ գիւղէն:

28 մարտի կէսօրին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան  յայտարարութեան արձագանգեց պաշտօնական Երեւան: Արդարեւ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ առաւօտեան ժամը 9:00-ի դրութեամբ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու յենակէտերը տակաւին Ռուսիոյ խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ են:

Նախորդը

Արարատ Միրզոյեան Շարք Մը Հանդիպումներ Ունեցաւ. Քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Շփման Գիծի Խախտման Հետեւանքով Ստեղծուած Իրավիճակը

Յաջորդը

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդ. «Ազրպէյճանը Հող Կը Նախապատրասէ Նոր Սադրանքներու Համար»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.