Այս պահուս գլխաւորը համաձայնութիւններու գործադրման ապահովումն է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով` լրագրողներու խնդրանքով մեկնաբանելով Արցախի մէջ կացութեան սրումը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Քրեմլինի մէջ ինչպէ՞ս կը վերաբերին ռուսական խաղաղապահ անձնակազմի թիւի յաւելման կոչերուն, Փեսքով պատասխանած է. «Այդ հարցումը պէտք է մեր զինուորականներուն ուղղել: Անոնք կապի մէջ են թէ՛ ազրպէյճանական, թէ՛ հայկական կողմերուն հետ»:
Միւս կողմէ, Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի յառաջատար հետազօտող Սերկէյ Մարքեթոնովի համաձայն, ուքրանական տագնապը կ՛ազդէ արցախեան տագնապին վրայ այն առումով, որ ձեւաւորուած է որոշակի ընկալում, նոյնիսկ կարելի է ըսել` պատրանք, թէ Ռուսիան հիմա շատ ծանրաբեռնուած է Ուքրանիայով, եւ կարելի է առիթէն օգտուելով` որոշ արդիւնքներու հասնիլ: Սակայն ան շտապեց անմիջապէս փարատել Պաքուի այդ յոյսերը. «Կացութիւնը ամէնէն յուսալին չէ, որովհետեւ Ռուսիան բոլոր տագնապներուն մէջ ալ կը փորձէ կառչիլ Սթաթիւս քոյին, կը փորձէ չափաւորական դիրք գրաւել, սակայն եթէ կը փորձեն զինք դուրս մղել, պարզ ըսելով` վռնտել եւ հաշուի չառնել իր շահերը` պատասխանը կրնայ շատ կարծր ըլլալ: Ես չեմ ուզեր սպառնալիքներով կամ որեւէ նման բանով զբաղիլ, ես պարզապէս կը վերլուծեմ Ռուսիոյ պահուածքին տրամաբանութիւնը եւ կը նկարագրեմ այդ բնորդը` ինչպէս որ է»:


