ՄԱՐԻԱ ԱԲԷԼԵԱՆ
ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ
Հայ կինը մեծ դեր ունեցած է հայ ազգի պատմութեան մէջ, եւ այդ մէկը կրնանք կարդալ Սոնա Զէյթլեանի գիրքին մէջ, որ վերնագրուած է` «Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական շարժման մէջ»:
Հայ կինը անուրանալիօրէն մեծ աշխատանք տարած է հետեւեալ մարզերուն մէջ.
ԿՐԹԱԿԱՆ.- Յեղափոխական հայուհիներուն մեծ մասը ուսուցչութեան նուիրուած էր: Գաւառներուն մէջ հայը ուսում ստանալու առիթ չունէր, իսկ մեծ քաղաքներուն մէջ հայութիւնը միալեզու չէր, այլ կային վրացախօսներ, ռուսախօսներ եւ թրքախօսներ: Ուրեմն ուսումը եւ մանաւանդ հայեցի դաստիարակութիւնը անհրաժեշտ էր ոչ միայն մտքերու զարթօնքի, այլեւ լեզուի պահպանման, դարաւոր արժէքներու ճանաչման եւ մտաւոր ու հոգեկան պատրաստութեան համար:
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ.- Շատ մեծ է թիւը այն հայուհիներուն, որոնք աղջիկներու եւ կիներու խումբեր կազմեցին` խրճիթներու մէջ, Րաֆֆիի եւ Ահարոնեանի գործերէն յուզիչ հատուածներ կարդացին, յեղափոխական մտքերը արծարծեցին, պարզաբանեցին եւ իրենց ունկնդիրներուն հետ վերլուծեցին: Այս ձեւով է, որ ժամանակի ընթացքին սկսաւ գոյութիւն ունենալ ազգային ընդհանուր իտէալ մը, որ հայութիւնը ամէնուրեք իրարու կը շաղկապէր:
ԳԱՂՏՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ.- Յեղափոխական հայուհիները մեծապէս օգտակար եղան զէնքերու փոխադրութեան եւ պահեստներու ստեղծման գործին: Անոնք տարածեցին նաեւ յեղափոխական արգիլուած գրականութիւնը, պատսպարեցին եւ խնամեցին յեղափոխական գործիչները, փախստականներն ու ֆետայիները: Կիներու այս աշխատանքները կենսական անհրաժեշտութիւն էին, մանաւանդ որ այրերու ներկայութիւնը յաճախ կասկած կը յարուցէր եւ, դէպքերու բերումով, անոնք կա՛մ փախստական դարձած եւ կա՛մ ալ բանտարկուած էին:
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ԳՈՒԹԻ ԳՈՐԾԸ.- «Հայկական կարմիր խաչ» հաստատութիւնն է, որ անհրաժեշտութեան համար հիմնուեցաւ ու տարիներու ընթացքին բազմաթիւ ծառայութիւններ կատարեց: Դրամ, զգեստ, ճերմակեղէն բաշխել բանտարկեալներուն, աքսորեալներուն, վիրաւորներուն նախնական օգնութիւն հասցնել, գործ գտնել եւ այլն…
ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ.- Յեղափոխական նուիրուած կիներ բազմատեսակ ձեռնարկներ կը կազմակերպէին, հանգանակութիւններ կ՛ընէին եւ դրամը կը յատկացնէին յեղափոխական նպատակներու` զէնք գնելու, ժողովուրդին ծառայող ֆետայիներու եւ աղէտեալներուն օգնելու, փախստական կամ բանտարկուած ընկերներու կարիքները հոգալու եւ այլ կուսակցական նպատակներ իրագործելու:
ՈՐԲԱՀԱՒԱՔ.- Ուր որ կոտորած կամ աղէտ կը պատահէր, նուիրեալ կիներու խումբ մը կը փութար ողջ մնացած բեկորները փրկելու: Հայ կինը ամենասիրութեամբ ծառայած է որբերուն, հարազատ մօր պէս գուրգուրացած է անոնց խորշակահար կեանքին վրայ:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ.- Կոտորածներէն ետք կային նաեւ գաղթականներու հոծ կարաւաններ, որոնք դատապարտուած էին օրերով ճամբայ կտրելու ցնցոտիներով ծածկուած, կիսաքաղց եւ հիւանդ: Բժշկական, նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան նուիրուած կիներ ամէն խնամք ու աջակցութիւն ցոյց տուին եւ ջանացին բոլորն ալ տեղաւորել` կեանքը վերսկսելու պատեհութիւն ապահովելով:
Պետական մակարդակի վրայ իրագործումներուն անդրադառնալով, 1918-1920 թուականներուն առաջին հանրապետութեան օրով կիները ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք ստացան, երբ Եւրոպայի շատ մը երկիրներու կիներ տակաւին կը պայքարէին ու դեռ քանի մը տասնամեակ եւս պիտի պայքարէին այդ իրաւունքին համար: 1919-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրուած 80 պատգամաւորներէն 3-ը կիներ էին: Յիշենք անոնց անունները` Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան, Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան, Վարվառա (Վարեա) Սահակեան:
Այսօր, ուսումէն անդին, հայ կիներու առիթ պէտք է տրուի պետական եւ կուսակցական պաշտօններ ստանձնելու եւ իրենց ձիրքերը հայութեան ու հայրենիքի ծառայութեան ի նպաստ դնելու:


