Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ազրպէյճանի վերջին օրերու դատապարտելի վարքագիծին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Դիմատետրի իր էջին վրայ այս մասին յայտնած է Յունաստանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միհրան Մկրտչեան:
Ան տեղադրած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան թուիթըրեան գրառումը, որուն մէջ կը նշուի. «Յունաստանը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին զինեալ միջադէպերուն եւ զօրամասերու յառաջխաղացումին վերաբերեալ: Մենք կոչ կ՛ուղղենք` անյապաղ դադրեցնելու այդ գործողութիւնները, ստորաբաժանումները ետ քաշելու իրենց ելման դիրքեր եւ յարգելու 2020 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի համաձայնագիրը»:


