Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ազրպէյճանական Զօրքերու Տեղաշարժը Անպատասխանատու Եւ Սադրիչ Կ՛որակէ

March 28, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգ են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի զօրքերու տեղաշարժին նկատմամբ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին 26 մարտին լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավարի տեղակալ Ճալինա Փորթըր:

«Զօրքերու տեղաշարժն ու լարուածութիւն յառաջացնող միւս գործողութիւնները անպատասխանատու են եւ անհարկի սադրիչ», յայտարարած է Փորթըր` նշելով, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մօտէն կը հետեւի 2020 թուականի նոյեմբերին յայտարարուած զինադադարէն ետք շփման գիծին վրայ տիրող կացութեան:

Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով օգնական Քերըն Տանֆրիտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ եւ վերահաստատած այն, ինչ որ նախապէս արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ըսած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին. այն է` կողմերը պէտք է զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ աշխուժացնեն դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները` գտնելու համապարփակ լուծումներ բոլոր կարեւոր խնդիրներուն համար: «Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պարզապէս պէտք է օգտագործեն ուղիղ հաղորդակցութեան ուղիները` անյապաղ կացութեան լարուածութիւնը մեղմացնելու համար», նշած է Փորթըր:

Ան աւելցուցած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգները, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, կը շարունակեն խորապէս յանձնառու ըլլալ` յանուն տագնապի տեւական քաղաքական լուծման կողմերուն հետ աշխատելու:

Միւս կողմէ, «Արմէնփրես» 25 մարտին հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով վարչութեան «Թուիթըր»-ի էջին վրայ կատարուած գրառման մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով օգնական Քերըն Տանֆրիտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:

«Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգ են կազի մատակարարման խափանման եւ Ազրպէյճանի տեղաշարժին առնչութեամբ: Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է ուղղակի հաղորդակցութեան խողովակները օգտագործեն` անյապաղ թուլացնելու լարուածութիւնը», կ՛ընդգծուի գրառման մէջ:

«Միացեալ Նահանգները Ոչ Մէկ Քայլի Ձեռնարկած Են Զինուորական Յարձակումին Վերջ Տալու Համար» Կ՛ըսէ Պաքու

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը` արձագանգելով 25 մարտին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղարի տեղակալ Ճալինա Փորթըրի յայտարարութեան:

Նշենք, որ յայտարարութեան մէջ կը նշուէր, որ Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանական զօրքերուն տեղաշարժով, ատոնք եւ մագլցումի այլ քայլերը կը նկատեն անպատասխանատու:

«Ցաւօք, Միացեալ Նահանգները, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, այս տարիներու ընթացքին ոչ մէկ արդիւնաւէտ քայլի ձեռնարկած են Ազրպէյճանի դէմ Հայաստանի շուրջ 30-ամեայ զինուորական յարձակումին վերջ տալու համար», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչի նման յայտարարութիւն կատարելը անպատասխանատու է:

 

Նախորդը

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արձագանգած Է Ազրպէյճանի Վերջին Օրերուն Դատապարտելի Վարքագիծին

Յաջորդը

Ըստ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան. Բանակցութիւններու Շնորհիւ Ազրպէյճանական Կողմը Ետ Քաշած Է Իր Ստորաբաժանումները Արցախի Փառուխ Գիւղէն

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.