Ընդառաջելով Քաթարի իշխանին պաշտօնական հրաւէրին` վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Քաթար` «Նոր դարու մը վերածուիլ» խորագիրը կրող «Տոհայի խորհրդաժողով»-ին մասնակցելու նպատակով:
Միքաթիի ընկերակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատը, կենսոլորտի նախարար Նասեր Եասինը Քաթարի մէջ Լիբանանի դեսպանն ու Միքաթիի խորհրդական Պութրոս Ասաքերը:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան-քաթարեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Քաթարի վարչապետ շէյխ Խալետ պըն Խալիֆա պըն Ապտել Ազիզ Ալ Թանիի հետ: Քննարկուեցան Պէյրութ-Տոհա երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Զոյգ հանդիպումներէն ետք վարչապետ Միքաթի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով կարիքը ունի նման արաբական հովանաւորութեան` աւելցնելով, որ Քաթար կը զօրակցի Լիբանանին: Ան շեշտեց, որ Ծոցի երկիրները Լիբանանի կողքին են եւ Լիբանանի հետ իրենց յարաբերութիւնները պիտի վերահաստատեն:
«Մենք կարիքը ունինք արաբական երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները պահպանելու», ըսաւ Միքաթի:
Անդրադառնալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապներուն` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ անոնք 30 տարուան կուտակումներու պատճառով պայթած տագնապներ են, որոնց լուծումը կարելի չէ մէկ գիշերուան մէջ ապահովել:
Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ երկրին տնտեսութեան ապաքինումին համար:
Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի տնտեսական ապաքինման համար կայ մէկ լուծում, որն է` Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ գործակցութիւնը:
Միքաթի աւելցուց, որ Քաթարի Թամիմ իշխանը հաստատած է, որ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Լիբանան:
Տոհա հասնելէն անմիջապէս ետք Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանիի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի ու Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները:
Նշենք, որ Միքաթի հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդաժողովին մասնակցող տարբեր երկիրներու ղեկավարներուն եւ պետական պաշտօնատարներուն հետ` քննարկելով Լիբանանի հետ այդ երկիրներուն յարաբերութիւններն ու արաբական միասնականութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:
Այդ պաշտօնատարներուն շարքին էին Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի, Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատըր պըն Մոհամետ Պուսայիտի եւ այլ պատասխանատուներ:
Այս շրջագիծին մէջ, Քաթար հասած առաջին օրն իսկ վարչապետը հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ահմետ Նասեր Մոհամետ Սապահի հետ:
Հանդիպումէն ետք Սապահ յայտնեց, որ Միքաթիի փոխանցած է Քուէյթի իշխանին եւ գահաժառանգ իշխանին ողջոյններն ու Լիբանանի կայունութեան եւ լիբանանցիներուն բարօրութեան նկատմամբ անոր բարեմաղթութիւնները:
Սապահ դարձեալ գնահատեց Միքաթիի հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որ ողջունած էր Լիբանան-Ծոցի երկիրներ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով առաջադրուած քուէյթեան նախաձեռնութիւնը:
Սապահ նշեց, որ քուէյթեան նախաձեռնութիւնը կը միտի Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին միջեւ վստահութիւնը վերականգնել, «իսկ վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ քուէյթեան նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն օրինականութեան եւ անոնց գործադրութեան», աւելցուց ան:
Սապահ հաստատեց, որ քուէյթեան նախաձեռնութեան մէջ յիշուած են հիմնական երկու հարցեր, որոնք ուղղակիօրէն կախեալ են բանիւ եւ գործով Լիբանանը շրջանին դէմ լարող եւ շրջանին կայունութիւնը վտանգող մարտկոցի չվերածելու սկզբունքէն:
Սապահ յայտնեց, որ այս իմաստով Լիբանանի կառավարութեան պատասխանատուութիւնը բարձր գնահատելի է` Քուէյթի, Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի եւ յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ համար: «Փոխադարձ այս վստահութիւնը պիտի արդիւնաւորուի Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները վերստին ամրապնդելով` փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ տեղացնելով արաբական երկիրներուն բարիքները», յայտնեց Սապահ` շեշտելով, որ Միքաթիի հետ հանդիպումը եղած է անկեղծ եւ Լիբանանի նկատմամբ եղբայրական սիրով լեցուն:
Տոհայի մէջ ունեցած հանդիպումներուն շարքին Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռամթան Լաամամրայի հետ:
Վարչապետը մաղթեց, որ Ալճերիոյ կառավարութիւնը Լիբանանը կը բացառէ այն երկիրներու շարքէն, ուր շաքարի արտածումը արգիլուած է:
Միքաթի յայտնեց, որ այս ձեւով Ալճերիա օժանդակած կ՛ըլլայ Լիբանանին` վերջինիս վրայ Ուքրանիոյ պատերազմին ունեցած հետեւանքները մեղմացնելով:
Նշենք, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանան-Ալճերիա երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի գործադիր տնօրէն Քրիսթալինա Ճորճիեւայի հետ: Նշենք, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այսօր կ՛այցելէ Լիբանան:
Միքաթի Քաթար կատարած իր այցելութիւնները աւարտեց հանդիպում մը ունենալով Քաթարի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարահ Պըրրիի եւ դեսպանատան անձնակազմին հետ: Ան բարձր գնահատեց անոնց գործունէութիւնը` լիբանանեան-քաթարեան գործակցութեան ամրապնդումին առումով:


