Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

March 28, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Լիբանանի ԻԸ. Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 25 մարտ 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին մօտ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, Համազգայինի շրջանային եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերէն ներկայացուցիչներու, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու պատասխանատուներու եւ հրաւիրեալներու:

Ժողովը նախ եւ առաջ լսեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը, ժողովականները լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին տեղեկագիրին մէջ նշուած կարգ մը հարցերու շուրջ եւ ապա անցան գործունէութեան ըստ էութեան քննարկումին: Ժողովականները գնահատելի նկատեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ գործունէութիւնը, հակառակ անոր որ անիկա զուգադիպեցաւ մեր ժողովուրդին համար ճակատագրորոշ փուլի մը եւ «Քորոնա» ժահրի համավարակին:

Ժողովը յատուկ երախտիք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որ Լիբանանի ապրած ընկերային-տնտեսական տագնապի ժամանակաշրջանին նիւթապէս եւ բարոյապէս թիկունք կանգնեցաւ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին:

Ժողովը ընդհանուր գիծերու մէջ քննարկեց սփիւռքեան պայմաններուն մէջ մշակութային կեանքին դժուարութիւնները, մասնաւորաբար մտահոգիչ նկատուեցաւ արեւմտահայերէնի լեզուական նահանջը: Այս գծով զանազան առաջարկներ ներկայացուեցան արեւմտահայերէնի առցանց դասաւանդումի եւ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի յատուկ դպրոց ունենալու եւ նոյնիսկ Համազգայինի ճեմարան կառուցելու վերաբերեալ:

Այնուհետեւ ժողովականները ընտրեցին 5 պատգամաւորներ` Գայեանէ Մածունեան, Արա Գէորգեան, Զաքար Քէշիշեան, Գրիգոր Ալոզեան եւ  Նորայր Գարամանուկեան, իսկ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմէն` ատենապետ Սէմ Սիմոնեան, որոնք յառաջիկայ մայիսին Հայաստանի մէջ պիտի մասնակցին Համազգայինի Թ. Պատգամաւորական ժողովին:

 

 

Նախորդը

«Նախորդ Սերունդներուն Հաւատքով Կերտածը Անտարբերութեամբ Չքանդենք» Պատգամեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Յաջորդը

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Հովուապետական Եւ Զօրակցական Այցելութիւնը Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մշակութային Կեդրոն

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.